Թուրքիոյ Լրատուամիջոցներուն Ծանօթանալու Պատրուակով…

ՏՕՆԻԿ Տ.

ՆախաբանՄուտք

22-11-2013-1655184

Յաջորդաբար 5-րդ տարին ըլլալով` «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ին կողմէ երկու (իրարմէ անջատ) ծրագիրներով կը կազմակերպուի հայ  լրագրողներու ծանօթացում Թուրքիոյ մէջ գործող թրքական լրատուամիջոցներուն, իսկ Հայաստանի մէջ` թուրք լրագրողներու ծանօթացում Հայաստանի լրատուամիջոցներու գործելաձեւին ու անոնց տարած աշխատանքներուն: Ծրագիրը կազմակերպողներուն նպատակն է երկու պետութիւններուն միջեւ գործող լրատուամիջոցներու աշխատակիցներուն միջեւ երկխօսութեան առիթներ ստեղծել: Հայ լրագրողներու այս տարուան ծրագիրը տեղի ունեցաւ 31 հոկտեմբերէն 6 նոյեմբեր 2013-ին, Պոլսոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով կը հրաւիրուէին հայկական սփիւռքի մէջ գործող գրաւոր մամուլի ներկայացուցիչներ: Լրագրողներու երկխօսութեան ծրագիրին կը մասնակցէին Հայաստանէն` «Կենտրոն» պատկերասփիւռէն, «Media.am»-էն, «Հետք»-էն, «Սիվիլնեթ»-էն, Հայաստանի պետական ձայնասփիւռէն, «Jnews.am»-էն, «Արմնիուզ Թի.Վի.»-էն` Վարդան Գալստեան: Առաջին անգամ ըլլալով կը հրաւիրուէին հայկական սփիւռքի մէջ գործող գրաւոր մամուլի ներկայացուցիչներ, Ֆրանսայէն` «Նոր Յառաջ», Միացեալ Նահանգներէն «Տի Արմինիըն Ուիքլի» եւ Լիբանանէն` «Ազդակ»:

«Հրանդ Տինք հիմնարկ»-էն` Պուրճու Պեճերմեն (թուրք, ծրագիրի ընդհանուր պատասխանատու), Նանէ Ստեփանեան (ֆրանսահայ, կամաւոր աշխատող), Էրհան Արիք (թուրք, լուսանկարիչ), Կայէ Քոսար (թուրք,  թարգմանիչ):

Կարելի եղածին չափ տեղեկատուական նախաբան մը ներկայացնենք գաղափար ունենալու համար ծրագիրի մանրամասնութիւններուն մասին:

Պոլիս, 31 հոկտ. 2013

Ինչպէս ծրագրուած էր նախապէս, առաջին օրը` 31 հոկտեմբեր 2013-ին, տեղի ունեցաւ թրքական T24-ի լրագրողներու` Այտին Էնկինի եւ Տողան Աքինի հետ հանդիպում-ծանօթացում մը, որուն ընթացքին անոնք ներկայացուցին Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքին մասին տեղեկութիւններ: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ «Արաս» հրատարակչատան պատասխանատուներու հետ հանդիպում-ծանօթացում, որուն ընթացքին ծրագիրին մասնակցող լրագրողները ծանօթացան հրատարակչատան աշխատանaքներուն, հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով անոնց հրատարակած գիրքերուն:

Պոլիս, 1 նոյ. 2013

22-11-2013-2165683Առաւօտեան տեղի ունեցան «Թուտէյզ Զաման»-ի լրագրողներէն Մուսթաֆա Ատիպ Եըլմազին հետ հանդիպում, որուն յաջորդեց «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ի լրագրողներէն Հանտէ Արթիքի հետ հանդիպում: Զոյգ հանդիպումներուն, ծանօթանալէ ետք կառոյցներու բաժանումներուն, լրագրողներու խմբակին ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ մէջ գործող լրատուամիջոցներու մասին տեղեկութիւններ, անոնց քաղաքական ուղղուածութիւններն ու գործելաձեւը:

Նոյն օրը, յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ «Ակօս»-ի խմբագրատուն այցելութիւն եւ ծանօթացում, ներկայ էին «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ եւ աշխատակազմի անդամները: Ներկայացնելէ ետք «Ակօս»-ի պատմական եւ ներկայ հանգրուանները, անոր ուղղուեցան հարցումներ պոլսահայ գաղութի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ընդհանրապէս առօրեայ կեանքին հետ առնչուող հարցերուն մասին: Քոփթաշ յայտնեց, թէ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութիւնը ընդհանրապէս եւ պոլսահայութիւնը յատկապէս նոր հանգրուան մը կ՛ապրին: Այժմ անոնք ունին ինքնութիւն բացայայտելու խնդիր` գաւառներուն մէջ, իսկ Պոլսոյ մէջ` ինքնութիւն պահպանելու խնդիր: Այսպէս, Պոլսոյ մէջ նկատելի է հայ համայնքի եկեղեցիներու պահպանման հարցի դժուարութիւն, օտար ամուսնութիւնները, յատկապէս` իգական սեռի պարագային, որ վերջին տարիներուն նկատելի աճ արձանագրած է, Պոլսոյ պատրիարքարանի «անորոշ» կարգավիճակը, հայկական վարժարաններու աննախանձելի վիճակը եւ այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ Հայաստանի քաղաքացիներուն գաղթը դէպի Թուրքիա եւ յատկապէս Պոլիս, ուր կարելի է գտնել մտածելակերպի եւ ապրելաձեւի ահագին տարբերութիւններ… Կան նաեւ հայերէնի դասաւանդումի, հայերէնի ուսուցիչներու ու հայերէնի պահպանութեան լուրջ հարցեր, որոնք կարելի է յաղթահարել Հայաստանի եւ սփիւռքի հետ համագործակցաբար:

Նոյն օրուան գիշերը, տեղի ունեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Հայաստանի գրասենեակ այցելութիւն, ուր գրասենեակի մնայուն ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան երկարօրէն բացատրեց գրասենեակի աշխատանքներուն ձեւն ու տարողութիւնը: Մ. Վարդանեան յայտնեց, թէ գրասենեակը կը գործէ Պոլսոյ մէջ, միայն 4 հոգիներէ կազմուած անձնակազմով մը (Մ. Վարդանեանը ներառեալ), որոնցմէ երկուքը` Մ. Վարդանեանն ու օգնականը ունին դիւանագէտի կարգավիճակ, եւ որոնք կը կազմեն Թուրքիոյ մէջ գործող Հայաստանի միակ «դիւանագէտ»-ներու կազմը: Գրասենեակի ընթացիկ աշխատանքներուն կողքին, անոնք նաեւ կը զբաղին Հայաստանի քաղաքացիներու առօրեայ հարցերով, երբ օգնութեան դիմումներ կը ստանան. այդ հարցերը կը վերաբերին ընդհանրապէս կեցութեան արտօնութիւններ-դիւրութիւններ  ստանալու կամ պետական այլ գործեր:

Իսլամաց(ու)ած հայերու խորհրդաժողով

2 նոյեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պոլսոյ «Պողազիչի» համալսարանին մէջ սկիզբ առաւ «Իսլամաց(ու)ած հայեր» խորհրդաժողովը, որ կ՛երկարէր 3 օրերու վրայ` մինչեւ 4 նոյեմբեր: Խորհրդաժողովին ներկայ էին բազմաթիւ հայ եւ թուրք ակադեմականներ եւ մտաւորականներ, որոնց մէջ կային` Թաներ Աքչամ, Հիլմար Քայզեր, Ֆեթիհա Չեթին, Այշէ Կիւլ Ալթընայ, Աւետիս Հաճեան, Սերգէյ Վարդանեան, Արմէն Մարսուպեան, Վահէ Թաշճեան, Հրանուշ Խառատեան եւ ուրիշներ, որոնք ներկայացուցին իսլամաց-ւած հայերու հարցը, համշէնահայութիւնը, տէրսիմահայութիւնը` իրենց մանրամասնութիւններով, որոնց այստեղ պիտի չանդրադառնամ: «Իսլամաց(ու)ած հայեր» խորհրդաժողովը կազմակերպած էր «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ը` «Մալաթիահայեր» միութեան եւ «Պողազիչի» համալսարանին հետ համագործակցաբար:

Տիգրանակերտ, 3 նոյ. 2013
Ս. Կիրակոս եկեղեցի այցելութիւն

Կէսօրին` Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցի այցելութիւն: Հոն հանդիպում ունեցանք եկեղեցւոյ մէջ բնակող, հոն աշխատող Արամին (իսլամացած հայ, իր ինքնութիւնը ճանչցող եւ արդէն բացայայտօրէն կ՛արտայայտուի, թէ ինք հայ է), որ ունի 5 զաւակներ, կրտսերագոյնը` Սահակ (Սալահ) 2 տարի առաջ հայերէն սորվելու սկսած է, ամրան արձակուրդին ղրկուած էր Պոլիս` հայերէն դասերու հետեւելու համար, հիմա հազիւ քիչ մը հայերէն խօսիլ, կարդալ, գրել գիտէ:

Հոն էր նաեւ Արմէն Տեմիրճեանը, որ նոյնպէս իսլամացած հայ է: Արմէնը Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնական հոգ տանողներէն մէկն է: Արմէն իր անձնական ծանօթութիւններով «Ակօս»-ի թիւերը բաժնելու ճիգին մէջ է, արդէն ունի 150 բաժանորդ, որոնք ըստ իրեն, իսլամացած հայեր են, եւ մեծ մասը կը խուսափի իր ինքնութիւնը յայտնելէ: Հոն էր նաեւ երգիչ Երուանդը (Ուտի Երուանդ), որ Լոս Անճելըսէն եկած եւ մէկուկէս տարիէ ի վեր կը բնակի Տիգրանակերտի մէջ, կ՛աշխատի քրտական ճաշարաններուն մէջ: Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ այցելութեան ընթացքին նշմարելի էր իսլամ այցելուներու երեւոյթը, որոնք կը մտնէին եկեղեցի իրենց գլխու փաթոցներով: Ըստ Արմէնին եւ այլ մարդոց, որոնց հետ հանդիպումներ ունեցանք, շատ հաւանական է, որ նման դէմքեր հայեր ըլլան, սակայն կը խուսափին իրենց ինքնութիւնը յայտնելէ:

Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մնայուն ներկայութիւնը ունեցող Արամը, Արմէնը եւ Երուանդը կը դժգոհէին եկեղեցւոյ «անտէր» վիճակէն` ըսելով, որ եկեղեցին մնայուն հոգեւորական մը չունի, տէր հայր կամ վարդապետ, ինչ որ իրենց համար լուրջ խնդիր է:

Հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ:

Կարելի՞ է արդեօք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կալուածներ, եկեղեցիներ, կամ ընդհանրապէս հայկական հետք ունեցող որեւէ բան ձեռք ձգելէ ետք ձգել անտէր: Հապա տասնեակ եկեղեցիներու պահանջը անհեթեթ չ՛ըլլա՞ր, երբ ստացուածը նման մօտեցումով մը կը ղեկավարուի:

Տիգրանակերտ, 4 նոյ. 2013
Տիգրանակերտի նահանգապետ
Օսման Պայտեմիրի հետ հանդիպում

22-11-2013-2255838Նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Օսման Պայտեմիր  յայտնեց, թէ Տիգրանակերտի մէջ քրտական մեծամասնութիւն գոյութիւն ունի եւ իրենք պիտի օգնեն, որ բոլոր հոն գտնուող ազգերը համերաշխութեամբ ապրին, նաեւ պիտի օգնեն, որ բոլոր այն հայերը, որոնք կը վախնային արտայայտուելէ իրենց հայ ըլլալու մասին, սկսին արտայայտուիլ, եւ «բոլորս` քիւրտեր, հայեր, ասորիներ, ինչպէս նաեւ թուրքերը (եթէ ուզեն) միասին պիտի ապրինք այս տարածքին վրայ»: Օսման Պայտեմիր յայտնեց, թէ բոլոր անոնք, որոնք փաստաթուղթեր ունին, որոնք կը փաստեն, թէ անոնք Տիգրանակերտի մէջ կալուածներ ունին, ան պատրաստ է ամէն ջանք թափելու այդ կալուածները վերադարձնելու համար իրենց իսկական տէրերուն. իսկ եթէ կարելի չըլլայ ճիշդ նոյն հողերը, տարածքները եւ տուները վերադարձնել, շինութիւններու եւ հաստատուած բնակութեան պատճառով, ան պատրաստ է նոյն պահանջուած տարածութեամբ այլ տարածքներ եւ հողեր յատկացնել  իրենց համապատասխան փաստաթուղթերով:

Տիգրանակերտի (Սուր) քաղաքապետ`
Ապտիւլլա Տեմիրպաշի հետ հանդիպում

4 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան Տիգրանակերտի (Սուր քաղաք-թաղամաս) քաղաքապետ Ապտիւլլա Տեմիրպաշի հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ: Ապտիւլլա Տեմիրպաշ յայտնեց, թէ այս տարածքին վրայ կայացած իրողութիւն մը կայ, որ կը կոչուի քրտական ապագայ պետութիւն: Այս տարածքին վրայ բոլոր ազգերուն եւ համայնքներուն համար տեղ կայ, բոլորը միասին ապրելու իրականութեան առջեւ պէտք է գտնուին:

Իրիկունը, երկրորդ հանդիպումի մը ընթացքին, ուր ներկայ էին քիւրտ երեւելի դէմքեր, գործարարներ, գործիչներ եւ պատասխանատուներ, ներկայ էր նաեւ «Հիումըն ռայթց ուոչ»-էն ներկայացուցիչ մը, որ «քրտական հարցեր» հետապնդելու նպատակով ղրկուած էր այդ շրջանը, տեղի ունեցաւ օգտաշատ զրոյց մը Տիգրանակերտի մէջ անցեալին ապրող հայութեան մասին, նաեւ` ներկայ իրավիճակին մասին:

«Օզկիւր Հապեր»-ի  խմբագրատուն այցելութիւն

Օրաթերթը լոյս կը տեսնէ թրքերէն եւ քրտերէն, տեղական մակարդակի վրայ «անկախ» օրաթերթ է, ինչպէս յայտնեց թերթին գլխաւոր խմբագիր Սայիտ Պայրամ: 16 էջերով, 1500-2000 օրինակ կը բաժնուի օրական դրութեամբ: Տիգրանակերտի 10 տեղական օրաթերթերէն կարեւորագոյնն է: Սայիտ Պայրամ ըսաւ, թէ իրենք 6 հոգիով եւ նիւթական մեծ դժուարութիւններով «անկախ» ձեւով կ՛աշխատին եւ յատուկ կողմի մը կողմնակալութիւն չեն ըներ: Երկար բացատրելէ ետք օրաթերթին գործելաձեւն ու մշտական դժուարութիւնները, ան ի վերջոյ յայտնեց, թէ իր հօրեղբօր որդիներէն մէկը պրպտում մը կատարելէ ետք ըսած է, թէ իրենց ընտանիքը հայկական արմատներ ունի, եւ ան անձնապէս այս ուղղութեամբ հետաքրքրուած է, թէեւ տակաւին այդ տեղեկութենէն վստահ չէ:

Պոլիս, 5 նոյ. 2013
Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարան այցելութիւն

Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարան այցելութեան ընթացքին մեզ ընդունեց վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գոյումճեանը, որ 30 տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէ: Տնօրէնուհին ներկայացնելէ ետք դպրոցին պատմականն ու ներկայ իրավիճակը,  յայտնեց, թէ վարժարանը ունի 4 դասարաններ (9-րդ, 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ) 218 աշակերտներով: Գոյումճեան ըսաւ, որ թէեւ աշակերտներէն ստացուած կրթաթոշակը բարձր է (մօտաւորապէս` 4500-5000 ամ. տոլար), սակայն տակաւին ունին նիւթական խնդիր: Կեդրոնական վարժարանը, պետական օրէնքի մը համաձայն, ինչպէս միւս  բոլոր վարժարանները, ունի փոխ տնօրէն, որ կը նշանակուի պետութեան կողմէ: Իսկ պատմութեան եւ այլ կրօններու դասատուները նոյնպէս կը նշանակուին ուղղակի պետութեան կողմէ: Պատասխանելով մեր հարցումներուն` Գոյումճեան յայտնեց, թէ վարժարանի աշակերտութեան եւ տնօրէնութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները նոյնն են, ինչպէս ամէն տեղ, անոնք ունին հայոց  լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչներու պակաս, համալսարանի մուտքի քննութիւններու պատրաստութեանց համար այլ նիւթերու կարեւորութեան գերակայութիւն, որ բնականաբար կը նշանակէ հայերէնի անտեսում, ինչպէս նաեւ նշմարելի է շրջանաւարտ շրջանակներու մէջ օտար ամուսնութիւններու աճ:

Զուգադիպութեամբ ներկայ էինք զբօսանքի մը պահուն, ուր աշակերտներու երկխօսութեան մէջ նկատելի էր թրքերէնի գործածութիւնը:

Հայ աւետարանական եկեղեցի այցելութիւն

22-11-2013-1968948Պոլսոյ Գումգափուի մէջ գտնուող հայ աւետարանական եկեղեցի այցելութեան ընթացքին նպատակ ունէինք ծանօթանալ եկեղեցիին մէջ գործող հայկական վարժարանին, որ կը կոչուի «Հրանդ Տինք» վարժարան: Վարժարանը կը գործէ եկեղեցիին տակ գտնուող դասարաններով, ինչպէս նաեւ եկեղեցին կ՛օգտագործուի որպէս դասարան: Վարժարանը հիմնուած է 2003-ին, կը կիրարկէ հայաստանեան պետական ծրագիրը, ունի Հայաստանէն եկած 130  աշակերտ (30 մանկապարտէզի, 100 նախակրթարան), մինչեւ 7-րդ դասարան: Պոլսոյ մէջ աշխատելու նպատակով, Հայաստանէն գաղթող հայ ընտանիքներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ, բնականաբար նաեւ` աշակերտներուն. դպրոցին տնօրէնութիւնն ու պատասխանատուները յոյս ունին, որ յաջորդ տարի 8-րդ դասարան մըն ալ կը բացուի: Թէեւ թրքական տեղական իշխանութիւնները տեղեակ են դպրոցին գոյութենէն, սակայն ան կը գործէ «գաղտնի» դրութեամբ, որովհետեւ գործելու ոչ մէկ արտօնութիւն ունի եւ հայաստանեան կրթական պետական ծրագիրն է, որ կը տրուի այդտեղ` Հայաստանէն եկած ուսուցիչներով:

Կրթական հաստատութեան մը համար աննախանձելի վիճակ մը ունի «վարժարան»-ը, կարելի է հաստատել` ըսելով, որ աշակերտներուն համար պարտադրաբար «ժամանակաւոր» հանգըրւան մըն է, որ կ՛անցընեն այդտեղ`  սպասելով իրենց ծնողներու հայրենիք վերադարձին:

Վարժարանին նիւթական օժանդակութիւն տուողը, բարեսիրական կարգ մը հաստատութիւններու կողքին, հիմնականը Հրանդ Տինքի ընտանիքն է:

Յոյսով ենք, որ «Քննական ոսպնեակ»-ը իր յաջորդ թիւերով երկարօրէն եւ քննական մօտեցումով կ՛անդրադառնայ պոլսահայութեան եւ Արեւմտահայաստանի խնդիրներուն: Հոս եղածը, ինչպէս նշուած էր նախապէս, տեղեկատուական է միայն: Սակայն, այս բոլորին ընդմէջէն, որպէս եզրակացութիւն, կարելի է մէկ հաստատում ընել, թէ` պոլսահայութեան եւ սփիւռքի (նաեւ Հայաստանի) միջեւ կտրուած կամուրջի մը պատկերը կայ: Իրարմէ տարբեր պայմաններու մէջ ապրող, մտածելակերպի բացայայտ  տարբերութիւններով հաւաքականութիւններու մասին կը խօսինք, ինչ որ տեղ մը բնական կարելի է գտնել: Մայր հայրենիքի մը մէջ միասնաբար ապրելու կամ գործելու հեռանկար մը կազմելու համար զիրար պէտք է հասկնալ…

Զիրար հասկնալու համար ծանօթանալը նախապայման է:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )