Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Թուրք Երեսփոխանը` Պոլսոյ Քաղաքապետի Պաշտօնի Թեկնածու
Թուրքիոյ մէջ նոր կազմաւորուած Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան (ՀՏՓ) փոխնախագահ Էրթուղրուլ Քիւրքճու յայտարարած է, թէ Պոլսոյ քաղաքապետի իրենց թեկնածուն Սըրրը Սուրէյա Օնտերն է:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթին համաձայն, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան գլխաւոր գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քիւրքճու ըսած է, որ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ աշխատանք կը տարուի թեկնածուներ առաջադրելու` 2014-ին կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար:
Նշենք, որ նորաստեղծ կուսակցութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ հայ համայնքէն` տնօրէն Կարօ Պայլան եւ տիգրանակերտցի յայտնի գրող Մկրտիչ Մարկոսեան:
Օնտեր 2012-ի ապրիլ 24-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, թէ 1915-ին հայերու դէմ տեղի ունեցած է մեծ կոտորած, որ աշխարհի բոլոր լեզուներով ցեղասպանութիւն կը կոչուի:

