Ճենկիզ Կոչ Կ՛ընէ Հայերէն Ներողութիւն Խնդրելու Կամ Լռելու

orhan-kemal-cengizՕրհան Քեմալ Ճենկիզ «Ռատիքալ»-ի մէջ ստորագրած է յախուռն յօդուած մը` խիզախօրէն հարց տալով, թէ ե՞րբ արդեօք Թուրքիոյ վարչապետ մը քաջութիւնը պիտի ունենայ ծունկի գալու 1915-ի հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ ներողութիւն խնդրելու անոնցմէ: Ան միաժամանակ հարց կու տայ, թէ ե՞րբ արդեօք Թուրքիոյ մէջ վարչապետ մը քաջութիւնը պիտի ունենայ թուրք ժողովուրդին ճակատէն սրբելու Ցեղասպանութիւնը ուրանալու արատը: Յօդուածագիրը այս բախտորոշ հարցումներուն կը սկսի` յիշելով Գերմանիոյ երբեմնի վարչապետ Ուիլի Պրանտը, որ Լեհաստանի մէջ հրեաներուն ի յիշատակ կառուցուած յուշարձանին առջեւ ծունկի եկաւ ու առանց բառ մը արտասանելու շատ բան ըսած եղաւ` ի յիշատակ այդ զոհերուն:

Ի միջի այլոց, Ճենկիզ կը գրէ. «Վարշաւիոյ մէջ անձրեւոտ օր մըն էր, գետիններն ալ թաց էին, դեկտեմբեր 7, 1970-ին: Գերմանիոյ վարչապետ Ուիլի Պրանտ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էր Վարշաւիա: Ան Հրէական ողջակիզման զոհ գացած հրեաներու յուշարձանը եկաւ, նախ մեխակներ դրաւ հոն, ապա քայլ մը ետ գնաց ու ըրաւ այն շարժումը, որ ամբողջ պատմութեան մը գնացքը պիտի փոխէր: Ծնրադրեց թաց հողին վրայ, ձեռքերը միացուց իր առջեւ ու հոն այդպէս կեցաւ առանց խօսելու: Առանց բառ մ՛իսկ ըսելու` ան ըսաւ այնքան շատ բան, որքան չէր կրնար ըսել ամբողջ գիրք մը: Ան այդպէս ծնրադրելով` բարձրացուց իր ազգը, շէնցուց հրեայ զոհերուն հոգիները: Օր մը մենք ալ Պրանտի չափ քաջ վարչապետ մը պիտի կարենա՞նք ունենալ: Օր մը Թուրքիոյ մէջ ալ պիտի յայտնուի՞ քաջարի առաջնորդ մը, որ թուրք ժողովուրդին ճակատէն պիտի սրբէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու արատը»:

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ 2009-ին Էրտողան ըսած էր խօսք մը, որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէր այս նիւթին վերաբերեալ: Այն ատեն կարծուեցաւ, որ Էրտողան կրնար այս հանգոյցը քակել: Էրտողան ըսած էր, թէ տարբեր ազգութիւն ունեցողները այս երկիրէն վռնտուած էին ու ասիկա ֆաշական արարք էր: Էրտողան այս կերպով այս ժողովուրդին խղճմտանքը կը փրկէր սառեցումէ:

«Բայց, դժբախտաբար, Էրտողան անկէ աւելի անդին չգնաց. անոր խօսքը օդին մէջ մնաց: Այսօր Էրտողան փոքրամասնութիւններուն մասին բնաւ չի խօսիր, երբ կը խօսի Թուրքիոյ հայրենակիցներուն մասին: Լրատուամիջոցներու մէջ հրատարակուած լուրերէն յայտնի կը դառնայ, որ կառավարութիւնը ամուր փարած է հարիւր տարիներէ ի վեր յառաջ քշուած կաղապարներուն: Էրտողան մէկ կողմէ Զուիցերիոյ կ՛առաջարկէ, որ վարագոյրի ետեւէն միջնորդութիւն ընէ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ, իսկ միւս կողմէ` կը ջանայ արգելք ըլլալ այն յուշարձանին, զոր հայերը բանալ կ՛ուզեն Ժընեւի մէջ: Պիւլենթ Արընչ խորհրդարանին մէջ կը պատմէ, թէ Թուրքիա 1915-ի հարիւրամեակին առթիւ կը կատարէ այնպիսի պատրաստութիւններ, որոնք կրնան ազդել ամբողջ աշխարհին վրայ: Կարծես թէ գովելի գործ կը տեսնեն: Թուրքիոյ պատմութեան կաճառն ալ բազմաթիւ գիրքեր պիտի հրատարակէ 1915-ի հարիւրամեակին առիթով: Վարչապետարանն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը բազմաթիւ խումբեր կազմեր են, որպէսզի ամբողջ աշխարհին բացատրուի թրքական տեսակէտը: Կուսակցութիւնները, որոնք ոչ մէկ խնդիրով իրարու կը միանան, քով քովի եկեր են ու խօսեր են հարիւրամեակին մասին: Եթէ չենք կրնար յարգանքով ծնրադրել իրենց կեանքը կորսնցուցած անհամար անմեղներու յիշատակին առջեւ, ապա գոնէ լռելու, բան մը չընելու իմաստութիւնը ունենայինք: Եթէ չի յայտնուիր Պրանտի նման վարչապետ մը, որ զոհերու յիշատակին առջեւ պիտի ծնրադրէր, ապա գոնէ սա ամբողջ աշխարհը համոզելու մեր ճիգերէն հրաժարէինք: Քիչ մը պէտք է մտածենք այս մասին», կ՛եզրակացնէ Ճենկիզ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )