Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Բարեզարդում Եւ Բարենորոգում
Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Լիբանան հասած հայութիւնը` իր կեցութեան վայրը ապահովելէ անմիջապէս ետք ձեռնամուխ եղաւ դպրոցի եւ եկեղեցւոյ շինութեան` գիտակցելով, որ այս երկու կառոյցներուն շնորհիւ էր, որ պիտի երաշխաւորուէր հայութեան գոյատեւումը:
Նոյն գիտակցութիւնը կայ նաեւ այսօր, եւ այդ գիտակցութենէն մեկնած նախաձեռնութիւնը կատարուած է վերանորոգելու եւ բարեզարդելու Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցին, որուն երդիքին տակ հոգեւոր սնունդ ստացած են բազմաթիւ հաւատացեալները, իրենց հայկական բոյնը կազմելու խոստում տուած են բազմաթիւ նորապսակներ, հայկական, հոգեւոր եւ ազգային շունչով թրծուած են սերունդներ շարունակ:
1927-ին Էշրեֆիէի մէջ հիմը կը դրուի թիթեղաշէն եւ տախտակաշէն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ` վարձու առնուած հողաշերտի վրայ: 1930-ին` օրուան կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեանի օժանդակութեամբ, 500 լ. ոսկիով կը գնուի հողը: 1930-1953 եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ ազգային արարողութիւնները կը կատարուին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
1953-ի յուլիսին թիթեղաշէն ու տախտակաշէն եկեղեցին կը քանդուի, եւ հիմնարկէքը կը կատարուի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ: Այդ հանգրուանին որոշուած չէր, որ եկեղեցւոյ անունը ըլլայ Ս. Յակոբ: Ժողովրդային հանգանակութեամբ մը հիմերը կը դրուին, բայց գործը կը դադրի` դրամի չգոյութեան պատճառով:


Օրուան Թաղական խորհուրդը կը դիմէ Լիբանանի Հայոց թեմի օրուան առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանին, որ աշխատանք կը տանի ու կը գտնէ բարերար մը` յանձինս Յակոբ Ապաճեանի, որ առաջին նուիրատուութեամբ մը 65 հազար լ. ոսկի կը վճարէ: Աշխատանքները կը վերսկսին, սակայն եկեղեցւոյ շինութիւնը չ՛աւարտիր: Օրուան առաջնորդը դարձեալ կը դիմէ Յակոբ Ապաճեանին, որ յանձն կ՛առնէ 20 հազար լ. ոսկի եւս նուիրել, եւ այդ ձեւով կառուցումը կ՛աւարտի:
Բարերար Յակոբ Ապաճեան կը մահանայ 1955-ի փետրուարին: Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ անոր դագաղը կը բերուի Ս. Յակոբ եկեղեցի, ապա կ՛ամփոփուի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:
5 ապրիլ 1955-ին տեղի կ՛ունենայ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ օծումը` ձեռամբ Խորէն արք. Բարոյեանի եւ ներկայութեամբ Խադ արք. Աջապահեանի: Այս ձեւով` ի յիշատակ Յակոբ Ապաճեանի, եկեղեցին կը կոչուի Ս. Յակոբ:
1955-1995 եկեղեցին կը շարունակէ իր հոգեւոր եւ ազգային առաքելութիւնը: Քաղաքացիական պատերազմին պատճառով բաւական վնասուած էր ռումբերէն, եւ բնութիւնն ալ իր աւերը գործած էր: 1995-ին` եկեղեցւոյ կառուցման 40-ամեակին առիթով ծխատէր քահանային եւ թաղականութեան նախաձեռնութեամբ եկեղեցին արտաքնապէս եւ ներքնապէս կը նորոգուի: Այնուհետեւ դարձեալ բնութիւնը իր հետքը կը ձգէ եկեղեցւոյ վրայ, որուն նորոգութեան եւ բարեզարդման կարիքը կը զգացուի կրկին: Այդ անհրաժեշտութենէն մեկնած` արդէն շուրջ երկու ամիս առաջ սկսան եկեղեցին ամբողջութեամբ ներկելու, սալայատակը մարմարապատելու աշխատանքները, որոնք արդէն իսկ հասած են իրենց աւարտին: Կարեւոր աշխատանք մը` եկեղեցւոյ պատշաճ տեսքը պահպանելու եւ անոր գոյատեւումը երաշխաւորելու համար:
Բարեզարդուած եւ վերանորոգուած Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կիրակի, 15 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած Ս. պատարագ:

