Ափրիկէն Կ՛ընթանայ Եւրոպայի Ուղիով. Ափրիկեան Պետութիւնները Մտադիր Են Միասնական Դրամանիշ Ստեղծել

«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ափրիկէ ցամաքամասը կը շարժի Եւրոպայի ուղիով, եւ Արեւելեան Ափրիկէի մեծագոյն տնտեսութիւնները կրնան միասնական դրամանիշ ստեղծել:

Առաջին քայլը կատարած է Քենիան, որ իր անկախութեան 50-ամեակին առիթով միասնական անդրսահմանային վճարման համակարգ` «Տը Իսթ Աֆրիքըն Փէյմընց Սիսթըմ»(ԻԱՓՍ) ստեղծած է Ուկանտայի եւ Թանզանիոյ հետ: Յայտնի է, որ շուտով այս երկիրներուն պիտի միանան Պուրունտին ու Ռուանտան:

Ըստ «Կազեթա»-ի, այս որոշումը Արեւելեան Ափրիկէի հասարակութիւնը քայլ մը եւս կը մօտեցնէ յաջորդ կարեւոր փուլին` միացեալ դրամի ստեղծման:

Share this Article
CATEGORIES