Սարքոզի Պատրաստ Է Քաղաքական Կեանք Վերադառնալու

Նիքոլա Սարքոզի

Նիքոլա Սարքոզի

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ֆրանսական «Լը Փուան» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի պատրաստակամութիւն յայտնած է դարձեալ քաղաքականութեամբ զբաղելու:

Ֆրանսական պետութեան նախկին ղեկավարը յայտարարած է, որ չի կրնար չվերադառնալ քաղաքական կեանք, որովհետեւ ատիկա ճակատագիր է:

Սարքոզի 2012-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին պարտութիւն կրած էր Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտէն: Այս պարտութենէն ետք Սարքոզի յայտարարած էր, որ քաղաքական կեանքէն կը հեռանայ:

 

Share this Article
CATEGORIES