Վրաստան Եւ Թուրքիա Ստեղծած Են Ուժանիւթի Ծրագիրներու Միջկառավարական Յանձնախումբ

Քախա Քալածէ

Քախա Քալածէ

Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ուժանիւթի ծրագիրներուն առնչութեամբ ստեղծուած է միջպետական յանձնախումբ:

«Կրուզիա Օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի ուժանիւթի նախարար Քախա Քալածէ իր թուրք գործընկեր Թաներ Եըլտըզի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ յանձնախումբը պիտի քննարկէ այն կեդրոնները, որոնք պէտք է կառուցուին Վրաստանի մէջ:

Ըստ նախարարին, հանդիպումին ժամանակ խօսուած է նոր ներդրումներու եւ արդէն գործող ընկերութիւններու աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ` ելեկտրականութեան նոր գիծերու եւ ենթակայաններու կառուցման մասին:

Share this Article
CATEGORIES