Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Հետ Սահմանագծման Հարցով Հանդիպում Տեղի Պիտի Ունենայ

Կարիպ Մամետով

Կարիպ Մամետով

«Ռոսպլաթ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Երկրի եւ քարտէսագրութեան պետական յանձնախումբի ղեկավար Կարիպ Մամետով յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ սահմանագծման հոլովոյթը պիտի սկսի կողմերուն միջեւ միասնական համակարգի որդեգրումէն ետք:

Ըստ անոր, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած անցեալ հանդիպումին ժամանակ, կողմերը որդեգրած են սահմանագծման հոլովոյթի գործադրութեան համակարգը, որ այժմ կ՛ուսումնասիրուի:

Յանձնախումբի նախագահը յայտարարած է, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ:

Ան նաեւ խօսած է Վրաստանի հետ սահմանագծման մասին` նշելով, որ երկու երկիրները իրարու հետ ունին 480 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման մը, որուն 300 քիլոմեթրին շուրջ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է:

Share this Article
CATEGORIES