Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Իսրայէլեան Պատուիրակութիւն Մը Թուրքիոյ Մէջ «Մաւի Մարմարա»-ի Զոհերու Փոխհատուցման Հարցը Քննարկած Է

Եոսի Քոհեն

Եոսի Քոհեն

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելած է Անգարա` քննարկելու համար «Մաւի Մարմարա»-ի զոհերու ընտանիքներուն նիւթական փոխհատուցման հարցը:

Օրաթերթը աւելցուց, որ Իսրայէլի վարչապետի Ազգային ապահովութեան խորհրդատու Եոսի Քոհեն գլխաւորած է պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմած է Թուրքիոյ հետ բանակցութեանց համար վերջին պատուիրակ Եոսեֆ Չիխանովեր:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» նշեց, որ անցեալ երեքշաբթի պատուիրակութեան Անգարա այցելութեան ընթացքին յառաջդիմութիւն արձանագրուած է եւ կարելի եղած է փոխհատուցման գումարին շուրջ տարակարծութեանց վիհը սեղմել:

Իսրայէլեան օրաթերթը յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը մինչեւ հիմա չէ յաջողած փոխհատուցման վճարման պարագային զոհերու ընտանիքներէն դատական հայցերու յետս կոչման երաշխիքներ ստանալ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )