Եւրոպական Խորհրդարանը Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Բանաձեւ Որդեգրած Է

EuroParl12122013«Քորեսփոնտընթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը Ուքրանիոյ վերաբերեալ որդեգրած է բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ ստեղծելու Եւրոպական Միութեան քաղաքական ամէնէն բարձր մակարդակով միջնորդական առաքելութիւն մը, որ պիտի օգնէ խաղաղ լուծում գտնելու այդ երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամին համար:

Եւրոպացի օրէնսդիրները կոչ ուղղած են նաեւ վերցնելու Ուքրանիոյ հետ մուտքի արտօնագիրներու դրութիւնը: Բանաձեւը որդեգրուած է Սթրազպուրկի մէջ` Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ «պէտք է գործադրուին հաւանական բոլոր ջանքերը, որպէսզի Ուքրանիան ներգրաւուի Եւրոպական Միութեան ներքին ուժանիւթի շուկային մէջ»:

Բացի ատկէ, կառոյցը կոչ ուղղած է Եւրոպական յանձնաժողովին աջակցելու Քիեւի` Դրամական միջազգային ֆոնտին եւ Զարգացման ու վերակառուցման եւրոպական դրամատան հետ բանակցային հոլովոյթին մէջ, որպէսզի երկիրը անհրաժեշտ ելեւմտական օգնութիւն ստանայ` Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար անհրաժեշտ բարեփոխումները կատարելու նպատակով:

Եւրոպական խորհրդարանը անդրադարձած է նաեւ Քիեւի մէջ կատարուող բողոքի ցոյցերուն` իր աջակցութիւնը յայտնելով գործիչներուն, ինչպէս նաեւ` քննադատելով անոնց դէմ բիրտ ուժի օգտագործումը:

Share this Article
CATEGORIES