Ռայի Պատրիարքին Այցելուները
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ապահովական մտահոգիչ իրադարձութիւնները:
Մորապեթօ շեշտեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` երաշխաւորելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրին:
Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, որ ինք շնորհաւորած է Ռայի պատրիարքը տօնական օրերուն առիթով, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկած երկիրը յուզող իրադարձութիւնները` յոյս յայտնելով, որ քրիստոնեայ բոլոր կողմերը հանդիպին եւ յանգին լուծումի մը, որ կը գոհացնէ բոլոր լիբանանցիները:
Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի եւ նախկին նախարար Շարլ Ռըզք:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին համաձայն, Ռայի պատրիարքը Վատիկանէն Լիբանան վերադարձած է նախագահական ընտրութիւններուն յատուկ ծրագիրով մը:

