Մար Ժըրժոս Եկեղեցւոյ Մէջ Հոգեհանգիստ` Ժըպրան Թուէյնիի Սպանութեան Թ. Տարելիցին Առիթով
Նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի եւ անոր ընկերակիցներուն` Նիքոլա Ֆլութիի եւ Անտրէ Մըրատի սպանութեան Թ. տարելիցին առիթով, երէկ կէսօրին Նըժմէ հրապարակի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն նախագահեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը` ներկայութեամբ անոր ընտանիքին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպելի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հանրի Հըլուի եւ ընթացիկ կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքի, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանիի, Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի եւ Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսի ներկայացուցիչ գերապայծառ Եուսեֆ Մերհեժի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, դիւանագէտներ եւ պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
Աուտէ եպիսկոպոս իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիները իրենց դիմագրաւած պատերազմի տարիներէն ոչինչ սորված են եւ չեն ըմբռնած, որ երկիրը բաղկացնող շերտերուն իրարմէ հեռացումով բոլորը կը քանդուին:
«Այսօր մեր վկայած յոռեգոյն իրականութիւններէն մէկը այն է, որ ճամբաներուն վրայ գտնուող աւազապարկէ պատնէշները փոխադրուած են համալսարաններուն դռներուն առջեւ եւ նոյնիսկ անոնց շրջափակին մէջ: Ուսանողները սկսած են իրենց կուսակցական պատկանելիութեան վերաբերող հարցերը փոխադրել համալսարան` պատերազմէն յառնած ընկերութիւնը կերտող պարկեշտ թթխմոր ըլլալու փոխարէն», ըսաւ Աուտէ եպիսկոպոսը:
Աուտէ եպիսկոպոսը շեշտեց, որ իրենք կարօտցած են Ժըպրան Թուէյնիի յանդուգն եւ անկեղծ կեցուածքներուն, որոնք միայն Լիբանանի սէր եւ նուիրում կ՛արտայայտեն:
Իր կարգին, խօսք առաւ Ժըպրան Թուէյնիի դուստրը` Միշել Թուէյնի, որ իր խօսքը ուղղելով իր հօր շեշտեց, որ ինք տխուր է յայտարարելու, թէ անոր սպանութեան հետաքննութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:
«Լիբանան դարձած է Սուրիոյ տագնապին մաս կազմող դաշտ մը եւ կը գտնուի անիշխանութեան կացութեան մէջ», ըսաւ ան:

