Պըրրի Քննարկեց Ուսումնական Հարցեր
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց ուսումնական շարք մը հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ: Քննարկուեցան երկրին ներկայ իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը` ընկերակցութեամբ Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնի նախագահ հայր Ապտօ Ապու Քասմի: Հանդիպումին ընթացքին Մաթար եպիսկոպոսը Պըրրիի յանձնեց Պենետիկտոս ԺԶ. նախկին պապին Լիբանան կատարած այցելութեան նուիրուած գիրքը:
CATEGORIES Լիբանանեան

