Վարչապետարանին Մէջ. «Նախագահ Սլէյմանի Եւ Միքաթիի Միջեւ Ոչ Մէկ Հարց Կայ» Ըսաւ Նազեմ Խուրի

Խուրի եւ Միքաթի
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ նոր կառավարութեան մը կազմութեան մասին Միքաթիի կեցուածքն ու նպատակը յստակ է:
Խուրի նշեց, որ Միքաթի կը փափաքի ամէնէն արագ միջոցին կառավարութեան մը կազմութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կրնայ դիմագրաւել երկիրը յուզող տագնապները:
Անդրադառնալով ընթացիկ կառավարութեան մը կողմէ նիստ մը գումարելու մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքին` Նազեմ Խուրի հաստատեց, որ նախագահ Սլէյմանի եւ Միքաթիի միջեւ ոչ մէկ հարց կայ:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որմէ ստացաւ Պենետիկտոս ԺԶ. նախկին պապին Լիբանան կատարած այցելութեան նուիրուած գիրք մը, որ հրատարակուած էր Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնին կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Մաթար եպիսկոպոսը մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ ճակատագրական եւ հիմնական հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն տիրէ եւ յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն եւ կառավարութեան կազմութեան գծով համախոհական լուծումներ գոյանան:
Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ վարչապետ Էնրիքօ Լեթայի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան մանրամասնութիւնները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Քազեմ Խէյր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քրիսթիան Քլակես:

