Նախագահ Սլէյման Հետեւեցաւ Ընդհանուր Դատախազութեան Աշխատանքներուն

Իուաս պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Ասորի ուղղափառ համայնքի Մար Իգնատիոս Զաքքա Իուաս Ա. պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ասորի ուղղափառ համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր դատախազութեան մօտ գտնուող թղթածրարներուն վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին եւ ողջունեց անոր թափած ջանքերը` Լիբանանը հարուածող «Ալեքսա» ձիւնամրրիկին դիմադրելու համար նախարարութեան կողմէ որդեգրուած միջոցառումներուն եւ քաղաքացիներուն ծառայելու քայլերուն առնչութեամբ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Ժիպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթը, որուն շնորհաւորեց Ժիպէյլի` «Ռեզիլիընթ Սիթիզ» հաստատութեան անդամ դառնալուն առիթով:

