Լիբանանի Մէջ Ցուրտը Կը Շարունակէ Ինքզինք Պարտադրել

dahr_el_baydarՊէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, այսօր անձրեւոտ պիտի ըլլայ եւ ձիւն պիտի տեղայ ծովուն մակերեսէն 600 մեթր բարձրութեան վրայ:

Գիւղական շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը պիտի հասնի զերոյէն վար երկուքի, իսկ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ պիտի տարուբերի 7-12-ի միջեւ:

Գիտական եւ երկրագործական հետազօտութիւններու կեդրոնի նախագահ Միշել Աֆրամ յայտնեց, որ «Ալեքսա» ձիւնամրրիկը պիտի սաստկանայ, եւ այսօր ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը պիտի հասնի չորսի, իսկ Պեքաայի մէջ` նուազ չորսի:

Աֆրամի համաձայն, ձիւնամրրիկը վերջ պիտի գտնէ շաբաթ երեկոյեան եւ անոր յաջորդող օրերուն սաստիկ ցուրտ պիտի տիրէ:

Ներքին ապահովութեան ուժերուն կատարած յայտարարութիւններուն համաձայն, Քֆարտըպիան-Ույուն Սիման, Հատաս-Պաալպեք, Լաքլուք-Էհմեժ, Մնայթրա-Աֆքա, Զահլէ-Տուհուր Շուէյր, Այնաթա-Արզ, Տէյր Ահմար-Եամմունէ, Ֆնայտեք, Քըպէյյաթ, Հերմել, Աքքար, Պիրէ, Աքրում, Աքրում Ռուայսէ, Պընթ Ժպէյլ, Մերժահիուն, Ժպահ-Հայթուրա ճամբաները փակ են` առատ ձիւնին պատճառով:

baalbekԵրէկ երեկոյեան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ յայտարարեց, որ այսօր եւս Լիբանանի պետական եւ սեփական վարժարանները փակ պիտի մնան` ձիւնամրրիկին պատճառով:

Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վիճակին, յայտնեց, որ կացութիւնը ահաւոր է եւ ինք սարսափած, որովհետեւ նախարարութիւնը կարողութիւն չունի բոլորին օժանդակութեան հասնելու:

«Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք միջազգային կազմակերպութիւններու եւ խորհուրդներու ընդմէջէն գործելու», ըսաւ Ապու Ֆաուր` աւելցնելով, որ այս անկարողութիւնը հետեւանք է գաղթականներու պաշտօնական գաղթակայան կառուցելու նպատակով քաղաքական որոշումի մը չգոյութեան:

Միւս կողմէ, Ապու Ֆաուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրներու բաժանմունքի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզի հետ` քննարկելու համար սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )