Ազգային Ժողովը Ընդունեց 2014 Թուականի Պետական Պիւտճէն

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան եւ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի իշխող մեծամասնութեան ջանքերով` 70 թեր, 40 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներով, Ազգային ժողովը երէկ ընդունեց 2014 թուականի պետական պիւտճէն:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան քուէարկութեան նախորդած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրման հարցին: Ըստ անոր, այդ «արդար համակարգը այլընտրանք չունի» եւ անհրաժեշտ է առաւելագոյնս շուտ գործադրել զայն: «Երէկ ես հանդիպեցայ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի երիտասարդներուն հետ, որոնք նոյնպէս բաւական աշխուժ ձեւով կը քննադատէին այս հայեցակարգը: Բայց ինծի մէկ բան չափազանց կ՛ուրախացնէ. մենք ձեզի հետ կը տեսնենք, թէ օրէ օր ինչպէս կը զօրանայ քաղաքացիական հասարակութիւնը, եւ այս բարեփոխումը ընդամէնը չորս տարիներու ընթացքին պիտի կրկնապատկէ քաղաքացիական հասարակութեան ուժը»:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ վարչապետին նկարագրութիւնները իրականութեան հետ քիչ առնչութիւն ունին: Յիշեցնելով, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան մեծամասնութիւնը մերժած է Ազգային ժողովին մէջ կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրութեան հարցը քննարկելու առաջարկը. Մինասեան ըսաւ. «Ուրեմն կը հանդիպինք Սահմանադրական դատարանին մէջ»:

