Նախագահ Սարգսեան Ստանձնեց Լաթվիոյ Դեսպանին Հաւատարմագիրները

Կաւելէ եւ նախագահ Սարգսեան

Կաւելէ եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լաթվիոյ Հանրապետութեան նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էլիթա Կաւելէի (նստավայրը` Թիֆլիս) հաւատարմագիրները:

Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին հայ-լաթվիական համագործակցութիւնը ինչպէս երկկողմանի, նոյնպէս ալ բազմակողմանի ձեւաչափով:

Դեսպան Էլիթա Կաւելէ իր երկրին անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց 2015 թուականի առաջին կիսամեակին Լաթվիոյ Եւրոպական Միութեան նախագահութեան շրջանին եւս սերտօրէն համագործակցելու Հայաստանի հետ եւ անհրաժեշտութեան  պարագային աջակցելու` ընդգծելով, որ այդ ժամանակաշրջանին Արեւելեան գործընկերութիւնը Լաթվիոյ համար առաջնահերթութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ:

Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի եւ Լաթվիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերու մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES