Երեւանի Մէջ Հանդիպում` Տաւութօղլուի Եւ Նալբանդեանի Միջեւ Տաւութօղլու Հանդիպումը «Անկեղծ» Նկատեց

Տաւութօղլու եւ Նալբանդեան

Տաւութօղլու եւ Նալբանդեան

Երէկ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին ընթացքին Հայաստան կազմակերպութեան նախագահութիւնը յանձնեց Պուլկարիոյ:

Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումներուն, թէ հանդիպում պիտի ունենա՞յ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ ի՞նչ հարցեր պիտի քննարկէ, Նալբանդեան յայտնեց, որ այո, պիտի հանդիպի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան բոլոր արտաքին գործոց նախարարներուն, որոնց շարքին նաեւ Տաւութօղլուի, եւ իրենց քննարկած հարցերը պիտի ներկայացուին հանդիպումէն ետք:

Անդրադառնալով լրագրողներուն այն դիտարկման, որ Թուրքիա ամէն անգամ կը փորձէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցը կապել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ, Նալբանդեան յայտնեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարելի է միայն առանց նախապայմաններու:

Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն 1.5 ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումը, որմէ ետք Տաւութօղլու հարցազրոյց տուաւ միայն թրքական լրատուամիջոցներուն:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկէն ուղիղ սփռեց Տաւութօղլուի մամլոյ ասուլիսը:

Տաւութօղլու խօսեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր քննարկումներուն մասին:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` թուրք նախարարը նշեց, որ Նալբանդեանի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցան հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական անցեալը բաց եւ անկեղծ կերպով քննարկելու, Կովկասի մէջ առկայ խնդիրներուն մնայուն լուծում գտնելու, շրջանը տնտեսապէս զարգացնելու, Հայաստանի շրջանային տնտեսական նախագիծերուն անդամակցելու անհրաժեշտութեան հարցերը: «Անկեղծ հանդիպում էր: Առանց հանդիպելու, խօսելու եւ առկայ խնդիրները քննարկելու յառաջ ընթանալ կարելի չէ», ըսաւ Տաւութօղլու:

Մամլոյ ասուլիսին թուրք լրագրողները ընդամէնը երկու հարցեր բարձրացուցին:

Այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք շօշափուա՞ծ է «գրաւեալ երկու շրջաններէ հեռանալու դիմաց հայ-թրքական սահմանը բանալու» մասին Երեւան մեկնելէն առաջ թրքական մամուլին մէջ շրջանառուած հարցը, Տաւութօղլու պատասխանեց, որ անոնք թրքական մամուլին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ են, որոնց անդրադարձած է նաեւ հայկական մամուլը: «Մենք խօսած ենք երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութիւնը զարգացնելու մասին», նշեց ան: Միւս հարցումը կը վերաբերէր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հետագայ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն:

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն
Տաւութօղլուի Հայաստան Այցելութիւնը

Ճեն Փսաքի

Ճեն Փսաքի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարած է, որ իրենք գոհ են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Հայաստան այցելութենէն` աւելցնելով, որ այդ այցելութիւնը շրջանի ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան կարելիութիւն կրնայ ստեղծել:

Թրքական «Մայնեթ Հապեր» կայքէջը հաղորդեց, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը, Փսաքի ըսած է. «Կ՛ողջունենք նախատեսուած այցելութիւնը, եւ յոյսով ենք, որ անիկա շրջանի ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան սկսելու առիթ ընձեռէ»:

Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Հայաստանին կոչ ուղղել կարգաւորելու յարաբերութիւնները հայ-թրքական արձանագրութիւնները վաւերացնելու, երկու երկիրներու ժողովուրդներուն համար կարելիութիւններու ստեղծման օգտակար դառնալու, սահմանի բացման ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու միջոցով:

Share this Article
CATEGORIES