Տաւութօղլու Բողոքի Ցոյցով Դիմաւորուեցաւ Երեւանի Մէջ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Երէկ առաւօտեան Երեւանի «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մօտ հաւաքուած` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այցելութեան առիթով բողոքի ցոյց կատարող եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող ՀՅԴ երիտասարդական միութեան, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ ՍԴՀԿ «Սարգիս Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութեան անդամները չտեսան Տաւութօղլուն, որ Հայաստան ժամանեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով: Յայտնի դարձաւ, որ Տաւութօղլու պանդոկ մտած է ետեւի մուտքէն:

Ցուցարարները «Ամօթ, ամօթ» վանկարկումներով արձագանգեցին այդ լուրին: Անոնք փորձեցին մօտենալ պանդոկի մուտքին, բայց ոստիկանները զանոնք ետ մղեցին:

«Թուրքիա կրկին ապացուցեց, որ վախկոտ է, որ կը վախնայ առճակատիլ պատմութեան, որ կը վախնայ կանգնիլ եւ բաց աչքերով նայիլ Հայոց ցեղասպանութեան ժառանգներուն: Քանի տակաւին Թուրքիա չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը, միշտ ալ ետեւի մուտքէն պիտի մտնէ, միշտ ալ փախուստ պիտի տայ: Թող իմանան, որ պահանջատէր ենք: Եթէ այսօր մենք չյաջողինք իրաւունքով կամ միջազգային հանրութեան ճնշումով հասնիլ պատմութեան արդարութեան, մեր թոռները վաղը զէնքով պիտի հասնին անոր», յայտարարեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան:

Անհրաժեշտ է նշել, որ երէկ թուրք լրագրողներ եւս եկած էին Հայաստան եւ կը լուսաբանէին Տաւութօղլուի դէմ կատարուած բողոքի ցոյցը:

Երիտասարդները պանդոկին առջեւ հաւաքուած էին STOP գրութեամբ պաստառներով, որոնցմով STOP կ՛ըսէին Ցեղասպանութեան, STOP ուրացման, STOP պատմութեան խեղաթիւրման, STOP անարդարութեան: Գետինը թափուած էին թրքական դրօշներ` վրան խաչ քաշուած:

Տեղեկանալով, որ Տաւութօղլու արդէն պանդոկին մէջ կը գտնուի, ցուցարարները յայտարարեցին, որ կ՛աւարտեն բողոքի ցոյցը:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Սիվիլնեթ»-ի տաղաւարին մէջ կարծիք յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր հայաստանեան այցելութեամբ կը փորձէ ցոյց տալ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հոլովոյթ կայ:

«Եթէ այդ նպատակով եկած չըլլար, ապա ճիգ պիտի չթափէր հանդիպելու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, նախագահին կամ որուն հետ որ պատահի: Ան ուղղակի կը ցանկայ ցոյց տալ, որ հոլովոյթ կայ», ըսաւ Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հայկական կողմի պաղ վերաբերմունքը Տաւութօղլուի նկատմամբ կապուա՞ծ է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին  հետ, Մանոյեան յայտնեց, որ կեցուածքը կապուած է ոչ թէ 2015 թուականին հետ, այլ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն չվաւերացուելուն հետ:

Մանոյեան ընդգծեց, որ եթէ Թուրքիա արձանագրութիւնները վաւերացուցած ըլլար, ապա վերաբերմունքը տարբեր պիտի ըլլար: Այս ձեւով կ՛ուզեն ցոյց տալ, որ դժգոհ են Թուրքիոյ պահուածքէն: Ան միաժամանակ աւելցուց, որ շատ գէշ պիտի ըլլայ, եթէ մինչեւ 2015 թուական արձանագրութիւնները ոչ միայն վաւերացուած ըլլան, այլ նոյնիսկ շարունակեն գոյութիւն ունենալ:

Ըստ Մանոյեանի, հայկական կողմը պէտք է յետս կոչէ իր ստորագրութիւնները եւ սեղանին վրայ դնէ առանց նախապայմաններու փաստաթուղթ մը, ուր կը նշուի դիւանագիտական յարաբերութիւններու եւ ցամաքային հաղորդակցութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու միջազգային իրաւունքին համապատասխան դարձնելու մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES