Լիվըրփուլի Մարզիկները Նուէրներ Բաժնեցին Հիւանդանոցին Մէջ
Անգլիական Լիվըրփուլի մարզիկները եւ գլխաւոր մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին այցելեցին «Էյլտըր-Հայ» հիւանդանոցը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը լուրը հաղորդելով աւելցուց, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներէն առաջ Լիվըրփուլի մարզիկները նուէրներ բաժնեցին հիւանդանոցին մէջ` բուժումի յատուկ ընթացքի հետեւող հիւանդ երեխաներուն:
Անգլիական ակումբին համար այսպիսի այցելութիւններ դարձած են աւանդական:
CATEGORIES Մարզական