Ճատրակ. Համաշխարհային Մտաւոր Խաղեր. Արոնեանի Առաջին Յաղթանակը` Պարտութենէ Մը Եւ Հաւասարութենէ Մը Ետք
Երէկ` հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ սկսան Համաշխարհային մտաւոր խաղերու ծրագիրով կատարուող ճատրակի մրցումները` արագ, կայծակնային եւ պասքեան համակարգի ձեւաչափերով:
Մինչեւ 18 դեկտեմբեր տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին կը մասնակցին բազմաթիւ անուանի ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան:
Իր կատարած առաջին մրցումին Արոնեան, որ կը մրցէր Ուանկ Հաոյի դէմ (Չինաստան), ճերմակ քարերով պարտութիւն մը կրեց 59-րդ շարժումին:
Իր կատարած երկրորդ մրցումին Արոնեան, որ սեւ քարերով մրցեցաւ Ռուսլան Փոնոմարիովի դէմ (Ուքրանիա), 56-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի 3-րդ հանգրուանին, Արոնեան, որ ճերմակ քարերով կը խաղար Լը Կուանկ Լիեմի դէմ (Վիեթնամ), արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 36-րդ շարժումին, կ՛եզրափակէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:

