Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով

diploma«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ իր գումարած ժողովին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 14 յունուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, պիտի գումարէ իր տարեկան համագումարը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Այս համագումարին ծիրին մէջ ընդլայնուած հանդիպում մըն ալ տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած միութիւններուն մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն հետ:

Ինչ կը վերաբերի ֆետերասիոնին գումարած հերթական ժողովին, ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան ֆետերասիոնին անդամներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ սքանչելի եւ բացառիկ տարեշրջան մը բոլորած ըլլալուն համար, որ եղաւ լեցուն բազմաթիւ ախոյեանութիւններով եւ մրցաշարքերով:

Ապա Ծատուրեան ուրախութեամբ յայտնեց, որ միջազգային ողիմպիական կոմիտէին կողմէ ստացած է յատուկ վկայագիր մը, որ կը շնորհաւորէ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը, այս մարզին գծով իր ցուցաբերած մեծ խանդավառութեան եւ իր պարտաւորութիւնները առաւելագոյն ձեւով կատարելուն համար:

Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին ուղղուած է յատուկ նամակ մը, որուն մէջ ֆետերասիոնը կը յայտնէ, թէ ի՛նչ ձեւի աշխատանքներ կը տանի` պատրաստուելու համար Ինշիոնի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի ասիական խաղերուն` նկատի ունենալով, որ 2013-ին արձանագրուած արդիւնքները կը նկատուին գերգնահատելի:

Վերջապէս, ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Լիբանան ի վիճակի է հիւրընկալելու 2014-ի կէսէն ետք տեղի ունենալիք արաբական առաջին լեռնային հանգրուաններու ախոյեանութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES