Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Հանդիսացաւ Ախոյեան
Երէկ` հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, Քուալա Լամփուրի մէջ (Մալեզիա) աւարտեցան Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան 2014-ին Վիեթնամի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը:
Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը փաստեց, որ կը մնայ այս շրջանի լաւագոյն եւ հզօրագոյն խումբը, երբ իր կատարած չորս մրցումէն ապահովեց 10 կէտ` առաւելագոյն 12 կէտէն, արձանագրելով 3 յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը:
Լիբանան, որ իր կատարած երէկուան մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քուէյթի հետ, այսպիսով հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան եւ մեծ քայլերով ապահովեց Ասիոյ ախոյեանութեան իր տոմսը:
Նշենք, որ Լիբանանի հետ իրենց տոմսը ապահովեցին նաեւ Քուէյթ եւ Իրաք, մինչ Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա դուրս մնացին:
Ստորեւ` վերջնական դասաւորումը.
| ՄՐՑ. | ԿԷՏ | |
| 1.- Լիբանան | 4 | 10 |
| 2.- Քուէյթ | 4 | 8 |
| 3.- Իրաք | 4 | 5 |
| 4.- Քաթար | 4 | 2 |
| 5.- Սէուտական Արաբիա | 4 | 1 |

