Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

 

horoscope1-saidaonline

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) 

Եթէ անդրադառնաք, որ սխալ մը գործած էք, ջանացէք սրբագրել առանց վհատելու` դիմելով ձեր սխալէն տուժած անձին, եւ` ներողութիւն խնդրելով: Ան պիտի ներէ ձեզի եւ պիտի ըլլայ ձեր սիրելի բարեկամը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սիրոյ տրամադրութեամբ պիտի սկսի օրը: Պիտի լսէք հաճելի հրաւէր` հակառակ սեռին կողմէ: Նկատի առէք այս հրաւէրը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դադար մը տուէք ձեր հեւքոտ աշխատանքին` խաղաղ անկիւնի մը մէջ խոկալով ձեր յառաջիկայի աշխատանքային ծրագրին մասին: Երաժշտութիւն ունկնդրեցէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր նամակին պատասխանը ուշանայ, մի՛ մտահոգուիք: Այս պարագային համբերելը լաւագոյն դարմանն է: Աճապարելը անօգուտ է եւ անհաճոյ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր կարծիքին պիտի դիմեն մասնակցելու համար ձեր ասպարէզին վերաբերեալ հարց մը լուծելու: Եթէ անգիտակից եւ անփորձ խօսակիցներ ունենաք, լուռ կեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տեղափոխութիւն մը հաւանական է ձեր գործին վերաբերեալ: Եթէ մեծ բան մը չօգտուիք նիւթական իմաստով, բարոյապէս պիտի քաջալերուիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
«Հազար չափէ մէկ կտրէ» կ՛ըսէ առածը: Նոյնպէս` հազար մտածէ, մէկ խօսէ: Ձեր գիտցածը անպայման ճշմարտութիւն մի՛ նկատէք: Գիտցէք մտիկ ընել:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ինքնաշարժի խանգարում մը ունենաք ձեր ճանապարհին, մի՛ խռովիք: Կրնաք ձեր ուշացումը տեղեկացնել առ որ անկ է: Ժամադրութիւն յարգելը պարկեշտութիւն է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինչ որ ցանէք, զայն կը հնձէք: Անդրադարձէք վերջերս կատարած ձեր մէկ դիտողութեան անձի մը նկատմամբ, որ արդար չէր: Հետեւեցէք Աւետարանի դասին. «Մի՛ դատէք, որ չդատուիք»:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր լսած մէկ լուրը անմիջապէս մի՛ փոխանցէք ուրիշին: Բերնէ բերան կ՛ըլլայ գերան: Ուշադիր եղէք լեզուական արտայայտութիւններու պարագային:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք ձեր կառքին վիճակը: Ինքնավստահութեամբ կատարեցէք ձեր ճամբորդութիւնը, որքան ալ կարճատեւ ըլլայ անիկա:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բախտը չի սիրեր զինք հետապնդողները: «Դուն քուն, բախտդ արթուն» ասացուածքին հաւատացէք: Գիտցէք, որ կեանքը անակնկալներ ունի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )