50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1963)

Խորէն Ա.Ի Անդրանիկ Կոնդակը

Մեր Հայրապետական անդրանիկ կոնդակով երբ Մեր խօսքը կ՛ուղղենք ձեզի բոլորիդ, առաջին հերթին, մեր զգացումներուն ու մտածումներուն մէջ կը վերակենդանանան այն աննախատեսելի եւ դժնդակ օրերը, ուր յետ վաղաժամ վախճանման Մեր սրտահաղորդ սիրեցեալ եղբօր եւ ժողովրդանուէր հօր երջանկայիշատակ Տ. Տ. Զարեհ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, մեր թեմերու եկեղեցական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները, Պատգամաւորական պատկառելի Ժողովին մէջ, անսալով ազգին կամքին, զՄեզ կոչեցին Կիլիկեան Ս. Աթոռիս գահակալութեան եւ զՄեզ դրին Քրիստոսի քաղցր լուծին այս ծանր պատասխանատուութեան ներքեւ: Եւ թէեւ տկար մարմնով, բայց կամաւ եւ յօժարութեամբ Մենք ընդառաջեցինք ազգին ձայնին եւ ընդունեցանք այս սուրբ պաշտօնը` միշտ հաւատալով եւ ապաւինելով Աստուծոյ օգնականութեան եւ վստահելով մեր ժողովուրդին նիւթական ու բարոյական բոլորանուէր աջակցութեան: Աղօթեցէք սրտեռանդն, հաւատացեալ ժողովուրդ հայոց, որ Մեր այս հաւատքը մնայ անսասան, որպէսզի կարողանանք ըստ օրինակի Քաջ Հովիւին Մեր անձը «դնել ի վերայ ոչխարաց» եւ երբեք չտկարանալ անոնց առջեւ, որոնք սնոտի վարդապետութիւններով կը ճգնին պառակտել Մեր միասիրտ եւ միակրօն, նոյնարիւն եւ նոյնացեղ զաւակները: Կ՛աղօթենք առաջի Աստուծոյ եւ առաջի ամենայն սրբոց, որպէսզի դուք եւս հաստատուն մնաք ձեր ճշմարիտ լոյս հաւատքին եւ Հայց. եկեղեցւոյ հարազատ որդիութեան մէջ եւ գիտակցօրէն ու զոհողութեան գործնական ոգիով ապրիք համաձայն քրիստոնէական սուրբ հաւատքին ու նուիրական մաքուր սկզբունքներուն:

Օրհնեա՜լ ըլլայ անթառամ յիշատակը Ս. Աթոռոյս նախորդ գահակալներուն, եւ մանաւանդ բարի անունը առաքինազարդ ու սրբանուէր Տ. Տ. Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, որուն աճեցուցած հոգեւոր անդաստանին մշակութեան համար դրինք Մեր տկար ձեռքը Ս. Աթոռոյս ծանր մաճին վրայ: Աստուած իր յաւիտենական լոյսերուն մէջ հանգչեցնէ Իր փառքին ու ժողովուրդի բարիքին համար աշխատած ազնիւ ծառաները:

Մենք հաստատ եւ անշեղ հաւատք ունինք Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հոգեւոր կոչումին եւ առաքելութեան գերագոյն արժէքին եւ անսահման բարիքին վրայ, սիրոյ եւ եղբայրութեան կապերով իրարու լծակից եւ գործակից, եւ իրարու օժանդակ ու լրացուցիչ ճանչնալով անոր նուիրապետական Ս. Աթոռները եւ աթոռակալները` Մեր հաւատքի Հօր Ս. Լուսաւորչի Աջոյն հովանիին ներքեւ, միասնական ջանքերով ու միութեան ոգիով շէն ու բարգաւաճ պահելու համար փրկարար եւ նոր առաքելութեանց կոչուած մեր դարաւոր Ս. Եկեղեցին:

Քրիստոնէական սուրբ սիրով կ՛ողջունենք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գահակալ Մեր վեհափառ եղբայրը` Տ. Տ. Վազգէն Ա. կաթողիկոսը: Աստուած երկար եւ արեւշատ կեանք պարգեւէ Նորին Սուրբ Օծութեան, եւ պայծառ ու ծաղկեալ պահէ Անոր գահը, որուն անունը նուիրական է ու սիրելի Մեզի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանս բոլոր զաւակներուն համար հաւասարապէս: Կը մաղթենք ի բոլոր սրտէ մեր վեհափառ եղբօր ուժ եւ կարողութիւն, որպէսզի Արագածի գագաթէն անպարան կախուած Լուսաւորչի անմար կանթեղին լոյսը միշտ վառ պահէ հայ ժողովուրդին մէջ:

Եղբայրական ջերմ զգացումներով կ՛ողջունենք Հայց. Ս. եկեղեցւոյ գեղեցիկ աւանդութիւններով նուիրականացած եւ փրկչական յիշատակներով հարուստ Երուսաղէմի Ս. Աթոռին ամենապատիւ պատրիարքը` Տ. Եղիշէ Ս. արք.ը, որ անձամբ Անթիլիաս գալով` նախ մխիթարեց Մեզ Մեր սուգի դառն օրերուն եւ ապա Մեզի քաջալեր հանդիսացաւ Մեր ընտրութեան եւ օծման օրերուն:

Անխառն սիրով կ՛ողջունենք նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ պատմական Աթոռին ամենապատիւ պատրիարքը` Տ. Շնորհք Ս. արք.ը ու կը մաղթենք, որ Զօրագլուխն հաւատոյ զօրացնէ զինք, որպէսզի իր հայրախնամ հովանիին ներքեւ բարգաւաճ ու բարեզարդ մնան Հայց. Ս. եկեղեցիներն ու հայանուէր հաստատութիւնները եւ իր անձնդիր ճիգերովն ու ջանքերովը բարօր ու երջանիկ կեանք մը ապահովէ իր հաւատացեալ հօտին:

Գորովալից սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ուխտանուէր միաբանութեանս երէց եւ կրտսեր բոլոր անդամները, կիլիկեան թեմերու գերաշնորհ եւ գերապատիւ թեմակալ առաջնորդները, տեղապահներն ու փոխանորդները եւ մաքրակրօն քահանաները, որոնք միշտ եւ շարունակ թեւ թիկունք կանգնեցան ու զօրավիգ հանդիսացան Մեզի եւ ամբողջական նուիրումով իրենց լաւագոյն բաժինը բերին Ս. Աթոռոյս անկախ պահպանման եւ բարգաւաճ գոյատեւման համար:

Խոր գնահատանքով կ՛ողջունենք Մեր թեմերու Ազգային իշխանութեանց յարգելի ժողովականները եւ կ՛օրհնեն իրենց կատարած ժողովրդանուէր ծառայութիւնները: Մեր հայրական յորդորն է, որ սիրալիր ու բարւոք յարաբերութիւններ պահուին իրենց ապրած երկիրներու պետական իշխանութեանց հետ եւ ջանք չխնայուի հայ ժողովուրդին շինարար եւ ստեղծագործ ոգիին, աշխատասիրութեան եւ կարգապահութեան, քաղաքացիական հաւատարմութեան եւ երախտագիտութեան բարի համբաւը եւ մաքուր հռչակը բարձր պահելու եւ տիրող իշխանութեանց սէրն ու վստահութիւնը, համակրանքն ու քաջալերանքը առաւել եւս շահելու համար:

Կը պատուիրենք ժողովրդային ծառայութեան նուիրուած Մեր բոլոր կազմակերպութեանց, թաղականութեանց, հոգաբարձութեանց, տնօրէնութեանց, երկսեռ ուսուցչաց, մշակութային եւ մարզական եւ բարեգործական միութեանց, բարեսիրական խնամակալութեանց, առողջապահական, հայասիրական եւ կրթասիրական հիմնարկութեանց եւ հաստատութեանց եկեղեցասէր տիկնանց միութեանց, կիրակնօրեայ վարժարանաց եւ դպրաց դասերու վարչութեանց, որ իրենց գործերը վարեն ի զօրու եղող կանոնագրութեանց անշեղ գործադրութեամբ եւ անխտրականութեան ոգիով ու սկզբունքով եւ հայ ժողովուրդի ամբողջականութեան եւ միութեան հաստատ ըմբռնումով: Ջանադիր ըլլան մանաւանդ սփիւռքի այլազան ազդեցութեանց ներքեւ աճող նոր սերունդը պաշտպանելու ապազգայնացնող չարիքներուն եւ այլասերող վտանգներուն դէմ ազգային շունչ ու ոգի ներշնչելու անոր եւ տալու հայեցի տոհմիկ կրթութիւն` արթնցնելով անոր մէջ հայ լեզուի ու պատմութեան եւ հայ մշակոյթի սէրը:

Սրտագին կոչ կ՛ուղղենք սփիւռքի հայ մամուլի պատուական վարիչներուն ու խմբագիրներուն, գրագէտներուն ու մտաւորականներուն, որ իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնը ըլլայ իրենց ընթերցողներուն մատուցանելու դրական ոգիով ու շինիչ բովանդակութեամբ գրութիւններ` ի սպաս ճշմարտութեան եւ հայապահպանման,  բարեմտութեամբ ընդունին իրարու հանդէպ հրապարակուած դիտողութիւններն ու քննադատութիւնները եւ իրենց սիւնակներէն դուրս վանեն գրգռիչ զրպարտութիւններն ու բամբասանքները. իրենց դիտումներն ու դատումները հիմնեն իրական եւ ստոյգ տուեալներու վրայ եւ լայնախոհութիւն ու յարգանք ցոյց տան իրարու յայտնած գաղափարներուն հանդէպ: Նոյն ազգի զաւակներուն միջեւ անխուսափելիօրէն կրնան յառաջ գալ համոզումի եւ մտածումի, գաղափարի եւ իտէալի տարբերութիւններ, եւ սակայն ատոնք պատճառ պէտք չէ ըլլան, որ չկարենանք քով քովի գալ եւ միանալ:

Այս առթիւ, կ՛ուզենք մասնաւորապէս հրաւիրել մեր հարազատ ժողովուրդը, որ օրէնքի եւ կանոնի հանդէպ արթուն պահէ իր գիտակցութիւնը: Օրէնքներ եւ կանոնագրութիւններ սերունդներու փորձառութենէն եւ ազգային իմաստութենէն բխած ու աճած ապահովութիւններ են բոլորին համար հաւասարապէս: Ուստի, Մեր ժողովուրդին մտքին մէջ ալ հիմնական տեղ գրաւելու են օրէնքով գործելու, օրէնքին հնազանդելու եւ օրէնք ու կարգ-կանոն յարգելու ոգին եւ յօժարամտութիւնը: Այս ոգիով եւ գիտակցութեամբ միայն կարելի է առաջքն առնել կամայականութեանց եւ հեղինակութիւն ու վարկ ապահովել ազգին ու եկեղեցիին համար:

Սփիւռքահայ տարածքին վրայ Մեր ժողովուրդին համերաշխ եւ ամուր գոյութեան ու ազգային միութեան գլխաւոր խարիսխն է Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցին` պետական իշխանութեանց մօտ իր վայելած համայնքային իրաւասութիւններով եւ առանձնաշնորհումներով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. Աթոռը, հաստատուած Լիբանանի գեղածիծաղ այս ափերուն, որպէս ազգային եւ հոգեւոր կեդրոն, կենսական դեր եւ փրկարար գործ ունի կատարելիք աշխարհի ներկայ պայմաններուն մէջ եւ կոչուած է սփիւռքի հայութեան հոգեւոր ու ազգային կեանքի բարգաւաճման ու վերածաղկման գլխաւոր գործօն ուժը հանդիսանալու: Կիլիկեան Ս. Աթոռը լոկ տեղական հանգամանքով սահմանափակուած Աթոռ մը չէ այլեւս: Անոր առջեւ բացուած են գործունէութեան եւ ծառայութեան լայն հորիզոններ: Ծով են հայկական սփիւռքի կարիքները, եւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը չի կրնար անտարբեր մնալ հայ ժողովուրդի կարիքներուն հանդէպ: Պարտաւոր ենք եւ, հետեւաբար, ի վիճակի պէտք է ըլլան հասնելու հոն, ուրկէ օգնութեան ձայն մը, դիմում մը, խնդրանք մը կը հասնի Մեզի: Ծառայել Աստուծոյ եւ ծառայել ժողովուրդին. ա՛յս եղած է Մեր նշանաբանը անցեալին մէջ, ա՛յս է ներկայիս, եւ ա՛յս պիտի ըլլայ նաեւ ապագային:

Մեր անխախտ համոզումն է, որ աշխարհի մէջ չկայ աւելի մեծ հարստութիւն, քան` հոգեկան արժէքներով չափուող հարստութիւնը: Մեր քրիստոնէական սուրբ կրօնը մարդկային հոգին ազնուութեան ու սրբացումի առաջնորդող կրօնն է: Եւ Մեր նախահայրերը առաջինը եղած որպէս ազգ բովանդակ պատմութեան մէջ ճանչնալու քրիստոնէական սուրբ կրօնի արժէքը եւ իրենց մաքրամաքուր արիւնովը վկայելու այդ ճշմարտութեան:

Ս. Աւետարանի ուսուցման համաձայն, ստեղծագործ կեանքի գերագոյն ուժը եւ արժէքը կը կայանայ երեք մեծ առաքինութիւններու մէջ` Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ:

Մեր հասկացողութեամբ, հայ ժողովուրդին կեանքը իրեն որպէս մղիչ ուժ ունեցած է պատմութեան ընթացքին եւ ունի այսօր առաքելաւանդ այս երեք առաքինութիւնները: Առանց հաւատքի կարելի չէ հասկնալ Մեր ժողովուրդին ապրելու, վերապրելու եւ յաւերժօրէն գոյատեւելու անսասան կամքը: Սասանեցնող փոթորիկները այնքան յաճախակի են եղած Մեր պատմութեան մէջ եւ այնքան աւերիչ, որ առանց հաւատքի սրբազան կրակին` կարելի պիտի չըլլար ապրիլ յաղթականօրէն: Առանց Յոյսի` կարելի չէ ըմբռնել այնքան կործանումներէն եւ ջարդերէ ետք Մեր ժողովուրդին յստակատեսութիւնը դէպի լուսաւոր եւ պայծառ ապագայ: Առանց սիրոյ` կարելի չէ բացատրել Մեր փառապանծ ստեղծագործութիւնները, որոնք Մեր ազգին մեծութեան ու յաւէտ գոյատեւման գաղտնիքն են. Աստուծոյ, ճշմարտութեան, հայրենիքի, մշակոյթի սէրը ամէնէն նուիրական ապրումը եղած է Մեր ժողովուրդին, որուն երբեք դաւաճանած չէ ան. հրաժարիլ այդ սէրէն` պիտի նշանակէր հաշտուիլ մահուան հետ: Ոչ մէկ ուրիշ արժէք, նիւթ, դրամ, դիրք, գիտութիւն, համբաւ, այնքան ծանր չէ կշռած Մեր ժողովուրդի գիտակցութեան նժարին մէջ, որքան` հաւատքը, յոյսը եւ սէրը:

Հայրական սիրոյ ջերմ զգացումներով կոչ կ՛ուղղենք բոլորիդ`անխտիր ծաղկեցնելու եւ աճեցնելու ձեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ այս երեք մեծ առաքինութիւնները, որոնց շնորհիւ կը հաւատանք, թէ պիտի առատանան «ամենայն տուրք բարիք» Մեր ազգի կեանքին մէջ: Հաւատք ունեցող Աստուծոյ եւ ձեր հայրերու հոգւոյն ու հանճարին ծննդավայրը եղող Հայց. Ս. եկեղեցիին ու անոր առաքելութեան վրայ. անխախտ յոյսով նայեցէք ձեր հոգեւոր կեդրոնին` Կիլիկեան Ս. Աթոռին եւ ձեր ազգանուէր բարերարութիւններովն ու բոլորանուէր զոհողութիւններովը զօրավիգ կանգնեցէք անոր. Սիրոյ մաքուր ապրումով փարեցէք քրիստոնէական եւ հայկական անկորնչելի բոլոր արժէքներուն` անոնց մէջ տեսնելով ձեր գանձը, «զի ուր գանձք ձեր են, անդ եւ սիրտք ձեր եղիցին» կ՛ըսէ Մեր Տէրը եւ վարդապետը Յիսուս Քրիստոս (Մտթ. Զ. 21):

Ահա այս առաքինութիւններով նորոգուած ու զօրացած համերաշխ կեանքի մը մթնոլորտին մէջ միայն պիտի կարենանք կատարել Մեր ուսերուն ծանրացող քաղցր պարտականութիւնները` ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայց. Ս. եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն սփիւռքեան Մեր բարեպաշտ հայ ժողովրդեան:

Կ՛աղօթենք ի բոլոր սրտէ Մեր նահատակ հայրերուն սուրբ հաւատքովը, որ Աստուած անշարժ ու անսասան պահէ Հայց. առաքելական սուրբ եկեղեցին իր նուիրապետական Ս. Աթոռներովը եւ թեմական առաջնորդութիւններովը:

Կ՛աղօթենք, որ Աստուած սուրբ սիրով միացեալ, անբաժան եւ անփորձ պահէ ու պահպանէ Մերազն հայ ժողովուրդը Մեր հոգիներու Լուսաւորչին լոյս հաւատքովը զօրացած ու արիացած:

Կ՛աղօթենք, որ գթառատն Աստուած Իր սիրոյ ու խաղաղութեան ձայնը ուժգին հնչեցնէ այս աշխարհի ղեկավարներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ եւ բարօրութիւն ու երջանկութիւն պարգեւէ համայն մարդկութեան: Իսկ Մեզի` Իր ծառային` շնորհէ իմաստութիւն եւ Հոգւոյն Սրբոյ առաջնորդութիւնը:

Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն եղիցի ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ. Ամէն:

ԽՈՐԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

(Յապաւումով)

 

Տուաւ Անդրանիկ Կոնդակս
Ի Կաթողիկոսարանիս որ յԱնթիլիաս – Լիբանան
Ի Դուռն Մայր Տաճարիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի
Ի 12 հոկտեմբերի 1963 Փրկչական թուականիս եւ
Ի թուին Հայոց ՌՆԺԲ
Ի Տօնի Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն Մերոց

Share this Article
CATEGORIES