Երկնքի Բժիշկները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

yerguink-1Վիրաբուժութեան սենեակով մը օժտուած օդանաւ մը կը շրջի աշխարհին շուրջ` աչքերը խնամելու համար: Այս անգամ ան կ՛իջնէ Եթովպիոյ մայրաքաղաք` Ատիս Ապեպա:

Ալաթեք լաւ չի տեսներ: Անոր աչքը գործողութեան պէտք ունի: Իր երկրին` Եթովպիոյ մէջ աչքերը խնամող շատ դարմանատուներ չկան: Սակայն երբ անոր մայրը կը լսէ, թէ Օրպիս մարդկայնական միութեան օդանաւը պիտի հասնէր իրենց քաղաքը, ան անմիջապէս ժամադրութիւն կ՛առնէ:

yerguink-2Օդանաւին մէջ կան ճամբորդներու քանի մը աթոռներ, մնացածը վիրաբուժութեան սենեակի նման կահաւորուած է: Սպասման սենեակին մէջ աչքի առաջին քննութենէ մը ետք, Ալաթեք կը ծանօթանայ ուրիշ մանուկներու, որոնց հետ կրնայ խաղալ, Եոհաննա, Ապտելլա եւ այլք` բոլորը եկած են իրենց աչքերը դարմանելու համար:

***

yerguink-3Ալաթեքի կարգը կը հասնի: Գործողութիւնը շատ լաւ կ՛անցնի եւ երկար չի տեւեր: Մէկ ժամ ետք հիւանդատար կառք մը զայն տուն կը տանի: Յաջորդ օրը, երբ ան վերադառնայ իր տեսողութիւնը քննելու, արդէն աւելի լաւ կը տեսնէ:

Օդանաւը պիտի շարունակէ իր շրջապտոյտը: Եթովպիայէն ետք ան պիտի ուղղուի դէպի Փանամա, Հնդկաստան եւ Քամերուն: 1982 թուականէն ի վեր Ալաթեք այցելած է 77 երկիրներ` բուժելով եւ տասնեակ հազարաւոր անձերու տեսողութիւնը վերականգնելով:

 

Ի՞նչ Կը Տեսնեն Անասունները

Արդեօ՞ք կատուները մեր ենթադրածին պէս լաւ կը տեսնեն: Ձին գոյները կը տեսնէ՞: Իսկ թռչուննե՞րը, անոնք ի՞նչ կը տեսնեն բարձունքներէն:

Մարդ արարածները եւ անասունները նոյն ձեւով չեն տեսներ:

Առաջին հերթին` որովհետեւ անոնք նոյն ձեւով չեն եղած, սակայն նաեւ` որովհետեւ անոնք նոյն պէտքերը չունին: Անասունները ունին տեսողութիւն մը, որ պատշաճած է իրենց ապրելակերպին, եւ յաճախ լսողութիւնն ու հոտառութիւնն են, որոնք աւելի զարգացած են: Տեսողութիւնը կու գայ անոնցմէ ետք:

***

Օրինակի համար, կան բազմաթիւ ստնաւորներ, որոնք լաւ չեն տեսներ. անոնց աչքը նուազ գոյներ կը տեսնէ, քան` մեր աչքը:

Մինչ թռչունները մեզմէ շատ աւելի լաւ կը տեսնեն: Անոնք կը տեսնեն նոյնիսկ անդրմանիշակագոյնը: Օրինակի համար, արծիւ մը կրնայ նապաստակ մը նշմարել մէկ քիլոմեթր հեռուէն:

Ինչպէ՞ս կը գիտնանք

Գիտնալու համար, թէ անասունները ինչպէ՛ս կը տեսնեն, գիտնականները տարբեր միջոցներ գործածած են: Առաջին հերթին կու գայ ուսումնասիրութիւնը: Երբ գետնառիւծը կ՛առնէ գոյնը այն ճիւղին, որուն վրայ ինք կը կենայ, ասիկա կը նշանակէ, թէ ան կը տեսնէ անոր գոյնը:

Ապա կու գայ աչքերուն քննութիւնը: Գիտնականները սատկած անասուններու վրայէն կ՛առնեն անոնց աչքերը եւ զանոնք կը կտրեն անոնց աշխատելու ձեւը հասկնալու համար:

Կան նաեւ փորձերը: Օրինակի համար, անասունի մը ուտելիքը դնել յատուկ գոյնի մը դրան ետեւը` տեսնելու համար, թէ ան կը ճանչնա՞յ այդ գոյնը:

Ո՞վ, ի՞նչ կը տեսնէ

anassoun-3-1412

anassoun-2-1412

anassoun-1-1412

 

 

 

 

 

 

– Կատուն մարդ արարածէն հինգ անգամ նուազ լաւ կը տեսնէ: Օրինակի համար, ան չի կրնար զանազանել կարմիրին եւ կանաչին միջեւ: Սակայն աղօտ լոյսին տակ ան մեզմէ շատ աւելի լաւ կը տեսնէ շնորհիւ շատ զգայուն տարրերու, որոնք լոյսը կ՛որսան: Մինչ ամբողջովին մութին մէջ ան ոչինչ կը տեսնէ:

– Շունը շատ լաւ կը տեսնէ մօտը. սակայն 5 մեթրէն անդին ամէն ինչ պղտոր է: Կատուին նման, ան ալ չի կրնար զանազանել կարմիրին եւ կանաչին միջեւ, սակայն կրնայ տեսնել աղօտ լոյսին տակ:

– Ձին աշխարհը կը տեսնէ դեղին եւ մոխրագոյն: Սակայն ան շատ լաւ կը տեսնէ հեռուն:

– Որդը աչք չունի: Ան ունի շատ պարզ բջիջներ, որոնք լոյսը կը զգան:

 

Մեղուն Եւ Իր 5 Աչքերը

meghouՍողուններու եւ երկակենցաղներու ընտանիքներուն մէջ տեսողութիւնը կը տարուբերի երկու ծայրայեղութիւններուն միջեւ: Գորտը շատ գէշ կը տեսնէ, մինչ գետնառիւծը ունի աչքեր, որոնք ճշգրտութեան հրաշալիքներ են: Անոր աչքերը կրնան տարբեր ուղղութիւններով նայիլ միաժամանակ:

Իսկ օձը ամբողջական պղտոր կը տեսնէ:

 

Հետաքրքրական

Ո՞վ Ես Դուն, Իմ Գեղեցիկ Հայելի

hayeliՀայելին գիւտ մըն է, զոր մենք չենք կրնար այլեւս անտեսել: Անիկա երբէ՞ն ի վեր գոյութիւն ունի եւ ինչպէ՞ս շինուած է:

Կրնանք ըսել, որ հայելին, ձեւով մը, միշտ գոյութիւն ունեցած է. նոյնիսկ հոյամողէզները կրնային իրենց ցոլացումը տեսնել լճացած ջուրի մը մէջ 100 միլիոն տարիներ առաջ:

Ք. Ա. 6000 թուականներուն մարդիկ իրենց պատկերը կը տեսնէին յղկուած քարերու մակերեսին վրայ:

***

Հետագային Յունաստանի, Եգիպտոսի եւ Հռոմի մէջ մարդիկ կը գործածէին մետաղեայ հայելիներ` պղինձէ, արծաթէ կամ անագապղինձի պզտիկ սկաւառակ մը, զոր կը պահպանեն կափարիչով մը կամ կտորով մը:

***

Միջին դարերուն կը յայտնուի ապակիէ հայելին. եւ որովհետեւ սովորական ապակի մը թափանցիկ է, մարդիկ կը մտածեն անոր կողմերէն մէկուն վրայ արծաթէ կամ անագէ բարակ թերթ մը փակցնել:

Լոյսը կը վերադառնայ ապակիէն եւ մեզի կը ղրկէ մեր պատկերը, որ շատ աւելի յստակ է, քան` մետաղեայ հայելիին նկարը:

***

15-րդ եւ 16-րդ դարերուն Վենետիկի մէջ, Իտալիա, կը շինուին սնդիկէ հայելիներ, որոնց ապակիները բացառիկ կերպով մաքուր են:

Սակայն այս մետաղը կ՛արձակէ շատ վտանգաւոր շոգիներ: Այդ ժամանակաշրջանին հայելի շինող արհեստաւոր մը բացառաբար կ՛ապրէր 30  տարեկանէն աւելի:

***

Հայելի շինելու այս կերպը պիտի արգիլուէր 1850 թուականէն սկսեալ, երբ կը հնարուին արծաթեայ ապակիներով հայելիները` գերմանացի քիմիագէտ Ժուսթուս Վոն Լիպիկի կողմէ:

Այդ ժամանակէն ի վեր, անոր շնորհիւ (կամ անոր պատճառով) մենք կրնանք տեսնել, թէ մեր դէմքը ինչի՛ կը նմանի, երբ առտուն անկողինէն կ՛ելլենք:

 

Շուէտը Կը Փակէ Իր Բանտերը

chevedՇուէտի մէջ ժամանակի ընթացքին բանտարկեալներուն թիւը կը նուազի: Հետեւաբար Շուէտի կառավարութիւնը որոշեց գոցել կարգ մը բանտեր:

Բանտարկեալներով լեցուն բանտերը անծանօթ են Շուէտի համար: Ընդհակառակը, հոն բանտարկեալներուն թիւը կը պակսի 10 տարիներէ ի վեր: Անցեալ տարի երկրին մէջ գոյութիւն ունէին 4852 բանտարկեալներ, 9,5 միլիոն ժողովուրդին մէջ:

Բանտերը կը պարպուին բանտարկեալներու պակասէն: Հետեւաբար կառավարութիւնը որոշած է այս տարի գոցել չորս բանտեր, անոնցմէ երկուքը` վերջնականապէս: Անշուշտ բանտարկեալներուն թիւը նուազիլը լաւ նշան մըն է:

Ասիկա կը նշանակէ, թէ յանցանքները եւ ոճիրները կը նուազին: Պէտք է ըսել, որ Շուէտի մէջ մեծ ճիգ կը թափուի բանտարկեալները առօրեայ կեանքին վերադարձնելու` անոնց օգնելով, որ գործ մը եւ բնական կեանք մը վերագտնեն, նաեւ` արգելք հանդիսանալով, որ անոնք դարձեալ ոճրային միջավայրին մէջ իյնան:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

anhavadali-1412– Մրջիւն մը կրնայ իր մարմնի ծանրութենէն 50 անգամ աւելի ծանրութիւն շալկել:

– Եթէ ադամանդ մը տաքցնեն 763 աստիճան, անիկա շոգիի կը վերածուի:

– Անուշեղէններ պատրաստող ընկերութիւն մը շինեց տուրմի կտորներով քուքի տեսակի անուշեղէն մը, որ կը կշռէր եօթը բեռնակառքերու չափ:

– Աշխարհի մէջ մարդուն կողմէ շինուած ամէնէն մեծ կղզիներէն մէկը արմաւենիի ծառի մը ձեւը ունի:

– Արուսեակ մոլորակը դէպի ետեւ կը դառնայ:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու համապատասխանող իւրաքանչիւր դէմքի երկու բաժինները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու համապատասխանող իւրաքանչիւր դէմքի երկու բաժինները:

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակ ծախողին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակ ծախողին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել այս տարօրինակ էակին համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել այս տարօրինակ էակին համապատասխանող շուքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )