Ոչ Եւս Է Ռուբէն Պարսումեան
ԱՒՕ ՀԱՃԵԱՆ
Մեզմէ անակնկալ կերպով բաժնուեցաւ Ռուբէն Պարսումեան` նուիրեալ, ծառայասէր եւ ուղղամիտ ընկեր, եղբայր եւ հայ մարդ: Հալէպահայ յետեղեռնեան երկրորդ սերունդի վերջին հայ ուսուցիչներէն եւ ազգային գործիչներէն էր Ռուբէն, որուն անձնական շնորհները եւ բացառիկ մտաւորական արժէքը ոչ բոլորին յայտնի էին իր չափազանց համեստութեան պատճառով:
Նիւ Եորքի Համազգայինի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն էր, կազմակերպութիւն մը, որուն անխոնջ կերպով ծառայեց չորս տասնամեակներ: Ամերիկաբնակ գրողներու մօտիկ ընկեր, ինչպէս` Յակոբ Կարապենց եւ Ժիրայր Աթթարեան, կէս-կատակ կէս-լուրջ Ռուբէն կը պատմէր, որ իրեն կ՛ըսէին, «Դուն մի՛ գրեր, որ ընթերցող ունենանք», քանի որ ան բացառիկ գրական քննադատի աչք ունէր:
Այնթապցիի հպարտ զաւակ, իր առաջին լեզուն եղած էր թրքերէնը: Հինգ տարեկանին, դպրոցի առաջին օրը տուն վերադարձաւ լալով, որովհետեւ ո՛չ դասընկերները զինք կը հասկնային, ո՛չ ալ ինք անոնց: «Էրմենիճէ քոնուշուրլար, եաւրում», ըսած էր իրեն մեծ մայրը (հայերէն կը խօսին, ձագս): Այս աշխարհէն հեռացաւ հայերէնին տիրապետելով շատ քիչերու պէս, լեզու մը, որուն հանդէպ պաշտամունք ունէր: Իր կեանքի մեծագոյն մտահոգութիւններէն էր մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումը հայրենիքի մէջ, անկախութենէն ետք, նպատակ մը, որուն իրագործման համար մեծ խոչընդոտները զինք չէին յուսահատեցներ: Իր կեանքի մեծ ցաւն էր իր եղբօր, Յակոբ Պարսումեանին առեւանգումն ու անհետացումը անյայտ պայմաններու մէջ, Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ:
Մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը եղբօրը ճակատագիրը իրեն առեղծուած մը մնաց: Փոքր տարիքէն որբացած, Յակոբ, Ռուբէն եւ իրենց քոյրը` Սիլվա (այժմ նիւեորքաբնակ) իրենց մանկութիւնը ու պատանեկութիւնը անցուցած են Հալէպի պատսպարանին մէջ: Նախախնամութեան դասաւորումով, թէեւ սիրուած եւ միշտ շրջապատուած ընկերներով, որոնց հանդէպ կը ցուցաբերէր այնթապցի մարդու հիւրասիրութիւնը, Ռուբէն հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն` տարիքը առած, որբ ու մինակ:
Ռուբէն գնաց առանց որեւէ բարոյական պարտքի եւ բոլորս իրեն հանդէպ պարտական մնալով: Կը մաղթենք, որ միանայ իր եղբօր եւ իր երկու ընկերներուն, որոնք մէկ տարի առաջ մեզմէ հեռացան` Արիս Սեւակը` իր Նիւ Եորքի լաւագոյն ընկերներէն եւ Պետրոս Հաճեան` երիտասարդութեան ընկերներէն, որուն հետ Հալէպի մէջ պաշտօնավարած էր. իրեն պէս նուիրեալ հայեր, որոնք մեր մշակոյթի ջահը վառ պահեցին եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցեցին, բայց գլխաւորաբար, բառին ամբողջական իմաստով, բարի մարդիկ: Աստուած Ռուբէնին հոգին լուսաւորէ եւ իր հարազատներուն մխիթարութիւն պարգեւէ:
Հողը թեթեւ լինի վրան:

