Գործունեայ Երիտասարդ Մը, Որ Ոտքեր Չունի
ՍԱԼԲԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին Միքայէլ Հատտատը ինծի հարցուց, թէ քանի՞ ժամ մարզանք կ՛ընեմ: Ամչնալով ըսի` «Վեց վայրկեան»: Պատասխանեց. «Ինծի ծանօթանալէդ ետք մարզանքին նկատմամբ մօտեցումդ ամբողջութեամբ պիտի փոխուի»:
Եկաւ այցելութեան: Գեղեցիկ դէմքով, աշխուժ եւ լաւատես երիտասարդ մըն է: Քաջալերական ոգիով ամէն տեղ կ՛երթար մարդոց մտածումները նորոգելով… Անթացուպով երիտասարդ մըն էր, որ քաջութեամբ կը դիմագրաւէր կեանքի դժուարութիւնները, օրական երեք ժամ մարզանքի տրամադրած էր, որպէսզի իր թեւերը զօրացնէ:
Իր պատմութիւնը… Ան վեց տարեկանին ողնայարէն վար անդամալուծուած էր արկածի մը պատճառով: Կորսնցուցած էր մարմինի կարողութեան 75 առ հարիւրը: Կը պատմէ, թէ ինչպէս ցնցուած էր իր անկար վիճակը տեսնելով, ցնցուած էր երկրորդ անգամ, երբ մարդիկ խղճալով բացագանչած են` «Մե՛ղք է»: Բայց իր մեծագոյն ցնցումը եղած է այն ատեն, երբ տեսած է, որ գացած բոլոր վայրերուն մէջ աստիճան կար… Այլեւս բնական մարդոց պէս չէր կրնար աստիճան բարձրանալ, վազել, ցատկել, ինքնաշարժ վարել… Բայց որոշած էր աստիճանին տակ պահուած չմնալ: Անկար ըլլալը խոչընդոտ չեղաւ իրեն համար:
Անկար դարձած` կը պայքարի Լիբանանի անկար մարդոց համար, այդ ալ` այս իմաստով անպատրաստ երկրին եւ անգիտակից միջավայրին մէջ: Պատկերասփռուած բազմաթիւ յայտագիրներու կը մասնակցի` անկար մարդոց կարիքները լուսարձակի տակ առնելու եւ իրաւունքները ջատագովելու: Ան արդէն կը նախագահէ «Ուոք ուիթ աս» (քալէ մեզի հետ) ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մը: Անոր նախկին ձեռնարկն էր «5000 քայլեր – 5000 լիբանանեան մայրի ծառեր», որուն ընթացքին լերան մը գագաթէն մինչեւ երկրորդ լերան գագաթը իր անթացուպերով պիտի քալէ: Հոկտեմբեր 24-27 Պշարրէի մէջ կազմակերպեց մայրիի ծառ ցանելու արշաւ մը, որ հասաւ մինչեւ Թաննուրին: Ան ինքզինք մարտահրաւէրի մը դիմաց դրած է, եւ մեր աղօթքները կը խնդրէ: Շատեր ըսին իրեն, թէ հիմա ժամանակը չէ նման քայլերու, ներկայիս քաղաքական հարցեր կան. բայց ինք կը պատասխանէ. «Հիմա լալու եւ ողբալու ժամանակը չէ, այլ եկէք մեր երազած, կանաչ Լիբանանը կերտենք»: Ան կը սիրէ իր հայրենիքը եւ կանաչ բնութիւնը:
Լիբանանի մէջ հաշմանդամ անձերը կը կազմեն բնակչութեան ընդհանուր թիւին 7 առ հարիւրը, անոնց առնչութեամբ կան տարբեր ծրագիրներ, որոնց իրագործման համար պէտք է աշխատիլ: Միքայէլին եւ այլ գործօն անձերու նպատակներէն են հաստատել հաշմանդամ անձերու ապրելու իրաւունքը, վերահաստատել ընկերութեան մէջ անոնց գործօն անդամ ըլլալու կարելիութիւնը եւ հետապնդել հաշմանդամներու համար մատչելի պայմաններու եւ միջավայրի ստեղծումը:
Մեր հանդիպումէն ետք, այո՛, մարզանքի ձեւս, անոր տրամադրած ժամանակս փոխուեցան: Հիւանդութեան պատճառով ես ալ ֆիզիքական հարցեր ունեցող աղջիկ մըն եմ, բայց Միքայէլ զիս քաջալերեց, որ աշխատանք տանիմ ոտքերուս մկանները մնայուն կերպով զօրացնելու: Անոր քաջալերական ոգին այնքան մեծ է, որ իր ոտք չունենալը կը մոռնաս: Այս երիտասարդը զիս առաւել եւս մղեց քալելու եւ մտածումներս ու հաւատքս ամրապնդեց:
Չնայինք մարդոց ֆիզիքական թերի կողմերուն, այլ տեսնենք անոնց անձը, անունը եւ երազները: Սորվինք արժեւորել մեր ունեցածը, հոգ տանինք եւ փառք տանք Տիրոջ, որ կը վայելենք բազմաթիւ կարողութիւններ, զորս յաճախ նկատի չենք առներ:
Մենք, որ ոտքեր ունինք, արդեօք ի՞նչ կ՛ընենք…
Ձեռնարկները աւարտելէն ետք կը սպասենք տեսերիզին, որպէսզի հանգիստ վիճակի մէջ նստած` դիտենք, թէ այս երիտասարդը ինչպէ՛ս կը պայքարի: Յառաջիկայ յօդուածով կը խօսինք իր յաղթահարած արգելքներուն մասին:

