Կաղանդի Տօնավաճառ Հայ Աւետարանական Կերթմենեան Վարժարանին Մէջ
Յաջորդաբար 10-րդ տարին ըլլալով, հինգշաբթի 5 եւ ուրբաթ 6 դեկտեմբերին Հայ աւետ. Կերթմենեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնավաճառ: Վաճառուեցան Կաղանդի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ նուէրներ, զարդեղէններ, խաղալիքներ, ուտեստեղէն: 6-րդ դասարանի աշակերտները հրամցուցին սուրճ, նեսքաֆէ, սահլեպ, բակլայ, թէյ եւ այլն: Այցելուները, ծնողներն ու աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ համտեսեցին ուտելիքները եւ գնեցին ներկայացուած զարդեղէններն ու նուէրները: Անոնք մեծապէս գնահատեցին կատարուած աշխատանքը` մաղթելով, որ սոյն տօնավաճառը գոյատեւէ տասնամեակներ եւս:
CATEGORIES Գաղութային

