Զոյգ Այցելութիւններ, Որոնք Դարձան Իւրայատուկ Դասեր Հռիփսիմեանց Վարժարանի Աշակերտութեան Համար

Նկատի ունենալով, որ այսօրուան մեր պատանիները երկրին վաղուան իրաւատէրերն են, հարկ է, որ անոնք քաջատեղեակ ըլլան իրենց ապրած երկրին օրինակարգին: Առ այդ, Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները իրենց պատասխանատու ուսուցչուհիներուն, բաժիններու պատասխանատուներուն հետ միասին այցելեցին երկրին վարչապետարանը, երեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2013-ին: Հոն անոնք այցելեցին տարբեր ժողովասրահներ, հիւրասենեակներ: Անոնց մանրամասն տեղեկութիւնները փոխանցուեցաւ վարչապետարանի աշխատանքներուն հետ առնչուող իւրաքանչիւր հարցի շուրջ: Մեր աշակերտները այցելեցին հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Հակիրճ զրոյցի մը ընդմէջէն վարչապետը աշակերտութեան բացատրեց, թէ որքա՛ն կարեւոր է ուսումը մարդոց կեանքին մէջ եւ յորդորեց ամէնէն առաջ կարեւորութեամբ մօտենալ ուսման հասկացողութեան: Առ ի գնահատական հրաժարեալ վարչապետին հետ իրենց զրոյց -հանդիպումին, վարժարանի աշակերտներէն Ռոտրիկ Սեփեթճեան բոլոր հռիփսիմեանցականներուն անունով ծաղկեփունջ մը նուիրեց Նեժիպ Միքաթիի:
Վարչապետարանի շէնքին առջեւ յիշատակի համար լուսանկարուելէ ետք, մեր աշակերտական խումբը իրենց պատասխանատուներուն հետ այցելեցին Յիսուսեան հայրերու (USJ) համալսարանին մէջ գործող նորաբաց թանգարանը` MIM, ուր ծանօթացան ներկայացուած թանկարժէք քարերուն, մետաղներուն, ինչպէս նաեւ` հանածոյ ապարներուն:
Հետաքրքրական եւ ուսուցանող յիշատակի այս օրը երկար կը մնայ Հռիփսիմեանցի մեր աշակերտութեան յիշողութեան մէջ:
Այս այցելութիւնները դպրոցական կառոյցէն դուրս իւրայատուկ դասեր էին, որոնք ոչ նուազ կարեւոր են մեր սերունդներուն ճիշդ դաստիարակութեան եւ կրթութեան համար:

