Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբի Վերամուտ

Kaspar-Iepkian_VeramoudԿազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, կիրակի, 8 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ-ճաշկերոյթ մը, թատերական վերամուտի առիթով:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Լեւոն Ակոբեան: Ան ներկայացուց վարչութեան տարեկան ծրագիրը: Ակոբեան մաղթեց, որ նման հանդիպումներ յաճախ տեղի ունենան:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ 2013 տարեշրջանին տեղի ունեցած թատրերգութիւններէն բաժիններ, իսկ ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Սիլվա Քիւրքճեան: Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Սարգիս Կիրակոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ ձեռնարկներով լեցուն եռուն տարի մը պիտի ունենաք:

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան երկար տարիներու Ա. քարտուղար, մշակոյթի փոխնախարար, շարժապատկերի եւ թատերական կեանքէն ներս զանազան բարձր պաշտօններ ունեցող Դաւիթ Մուրատեան, որ հրաւիրուած էր Հայաստանէն Սօս Սարգսեանի նուիրուած յուշ-երեկոյին մասնակցելու համար: Ան գոհունակութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած առիթին համար եւ նկատել տուաւ, որ շատ հարազատ կը զգայ Լիբանանի մէջ: Ան հաստատեց, որ Համազգայինին ըրած նախաձեռնութիւնը, Սօս Սարգսեանի յուշ-երեկոյ կազմակերպելուն, արդէն կը վկայէ, թէ որքա՛ն մեծ է Սօս Սարգսեանին հետ սփիւռքի տարածքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )