Դէպի Հալէպ, Դէպի Յիշատակներ

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ձեր երկիրը աւերակ դարձեր է եւ ձեր քաղաքները կրակով այրուած են:

Եսայեայ 1.7

1240555_641148335903409Ճամբայ կ’ելլեմ անցնելու սահմանները անապահով, երբ կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը զգամ առկայութիւնը աննկարագրելի խեղճութեան մը… Թրիփոլիէն ետք կը հասնինք լիբանանեան սահման, ուր մինչ այդ ամէն բան խաղաղ եւ անվախ ըլլալու տպաւորութիւն մը կը փորձէր ձգել: Բայց տակաւին օր մը առաջ Թրիփոլիի մէջ ճիշդ այն վայրը, ուր մեր ինքնաշարժի վարորդը կանգ կ’առնէ` առաջարկելով, որ եթէ փափաքինք` գնումներ կատարենք, եւ որ միակ տեղն է, ուր կարելի է հանգստանալ, նախորդ օրերուն վատ դէպքերու թատերաբեմ եղած էր: Սիրով կ’ընդառաջենք անոր առաջարկին: Մինչ ան իր գնած կապոցներով հացերը կը տեղադրէ ինքնաշարժին մէջ, մանրածախ նպարավաճառի խանութի մուտքի յատակին աչքիս կը զարնեն փշրուած ապակիներու բիւրաւոր կտորներ:

Ի տես զարմացկոտ արտայայտութեանս` Աբոն, այդպէս էր վարորդին անունը, կը յարէ. «Կիրակի օր, դեռ երկու օր առաջ էր, որ այստեղ գետինը դիակներ փռուած էին` արիւնալի բախումի մը իբրեւ հետեւանք: Հինգ կասկածելիներ ձերբակալուեցան, չորսը լիբանանցի, իսկ մէկը սուրիացի էր»: Իւրաքանչիւրս մեր անձնական վերլուծութիւնները ընելէ ետք, կը շարունակենք մեր ճամբան: Ձիգ ու երկար ճանապարհը միմիայն անապահովութեան զգացում կրնար ներշնչել, նոյնիսկ` ամէնէն քաջ անցորդին. մեր շունչերը պահած` կը հետեւինք Աբոյի ղեկին, մինչեւ սուրիական սահման: Միայն քանի մը հոգիներ կարելի կ՛ըլլայ նկատել սահմանագիծին վրայ: Կէս գիշերէն ետք ժամը չորս է. խաղաղ է երկնակամարը, մաքուր, թարմ օդն ու աղջամուղջը տարօրինակօրէն կը յուզեն. առաջին անգամ ըլլալով կը նկատեմ բնութեան տխրութիւնը. մեր փաստաթուղթերը կնքել տալէ եւ անձնագիրները ստուգուելէ ետք կ՛անցնինք սահմանը, քիչ մը թեթեւցած` կը շարունակենք մեր ուղեւորութիւնը: Կ’անցնինք սուրիական ծովեզերքով, կը յառաջանանք դէպի Թարթուս, որպէսզի հոնկէ ալ Հալէպ տանող հանրակառքով, հինգ ամսուան բացակայութենէ ետք, ուղղուինք դէպի մեր տուները:

Մինչեւ մեր Թարթուս հասնիլը` Աբոն կ՛ըսէ. «Այստեղ Համիտիէի շրջանն է` ուրկէ կ՛անցնինք. հոս եւ յաջորդող շրջանները յունական գիւղեր են, որոնց տեղացիները կը բնորոշուին իրենց խարտեաշ մազերով»: Կը հարցնեմ, թէ ո՞ր թուականներուն տեղաւորուած են անոնք այստեղ. «Կը կարծեմ, թէ քանի մը հարիւր տարուան պատմութիւն ունենալու է անոնց այստեղի բնակութիւնը», կը յարէ Աբոյին կողքին նստողը: «Ես ալ կը կարծեմ, թէ բիւզանդական շրջանէն հաստատուած կրնան ըլլալ, անոնց արմատները այստեղ Միջերկրականի բաց տարածքէն, Յունաստանէն արշաւանքներու հետ եկած է, իսկ անոնց մնացեալ մասը թուրքերու կողմէ Յունաստանի բռնագրաւումով, ապա Համաշխարհային Ա.  պատերազմէն ետք ջարդի ենթարկուած, տարագրուած, կրկին Միջերկրականի ճամբով հասած եւ հաստատուած ըլլալու են այստեղ». այս ալ իմ կարծիքս է` կ՛ըսեմ: Մինչ այդ Աբոն իր գնած հացերու կապոցներէն մին կը խնդրէ ինձմէ, կը փոխանցեմ: Ան բարի ժպիտով մը հացը կ՛երկարէ  մեր ճամբան ընդհատող առաջին իսկ զինուորականին, որ առ ի պարտականութիւն իր հերթական ստուգումը կը կատարէր. այսպէս, ամբողջ ճամբուն տեւողութեան հինգ տոպրակ լիբանանեան հաց, հինգն ալ հերթով ետեւէն իմ նստարանէս Աբոյին կ՛երկարեմ, հլու աշակերտի մը պարտաճանաչութեամբ:

Ամէն անգամ, որ ան պահանջէ հացը փոխանցել իրեն, աննախադէպ զգացում մը կը համակէ հոգիս. օրհնանքով եւ աղօթքով հացերու կապոցները մէկիկ մէկիկ կու տամ Աբոյին` ըսելով, որ այս գաղափարդ շատ հաւնեցայ, փոխանակ ուրիշներու պէս, իբրեւ կաշառք, երկու հարիւր կամ հինգ հարիւր սուրիական փոխանցելու անցարգելին վրայ կեցած զինուորականին, արագ անցընելու համար մեր ինքնաշարժը, դուն խորհրդանշական հացը կը հիւրասիրես, որ մտածելու առիթ կու տայ: Աբոն եւ իր ինքնաշարժը լիբանանեան հպատակութիւն ունին, սուրիական սահմաններուն մէջ, սուրիացիին` բարեկամութիւն եւ աղ ու հաց ըլլալու խաղաղ օրհնանքը կ՛առաջարկէին կարծես անոնք. մտովին կ՛ուզեմ անոր էութեան մէջ մտնել. երրորդ անցարգելի սուրիացի զինուորն էր, որ  բարի լոյսը սիրալիր բարի լոյսով փոխանակելէ ետք բարեացակամութեամբ մը կը մերժէ հացը, բայց երբ Աբոն կը պնդէ, որ ան ընդունի իր համեստ հիւրասիրութիւնը, առաւօտեան նախաճաշի համար` աղն ու հացը, սուրիացի զինուորը պահ մը կը զգաստանայ եւ կը վերցնէ մատուցուած բարիքը:

Կը զարմանամ, թէ պատերազմական մթնոլորտի մէջ ապրող սուրիացի պետական զինուորական ծառայողները որքա՜ն փոփոխութիւն կրած են իրենց վարքին մէջ, նախապէս անոնց մէջ իմ նկատած կոպտութիւնս զարմանալիօրէն յեղաշրջուած էր կարծես: Արեւը կը տուայտէր իր թխպոտ ճառագայթները արձակելու համար, գիշերուան մշուշապատ երկինքը կը փորձէր արգիլել անոր ազատ ու լայնանիստ ժպիտը. տխրութիւն կը թորէր ինչպէս արեւի դալուկ աշնանային շողերէն, նոյնպէս` շրջապատէն. ամէն բան տխուր էր: Սուրիական երկուքուկէս տարի տեւող պատերազմը ուժաքամ ըրած էր ոչ միայն մարդիկ, նաեւ` բնութիւնը:

Պետական իշխանութեան հակակշռին տակ գտնուելով` Թարթուսի մէջ ամէն բան բնականոն էր, բայց աղքատութիւնն ու շրջապատի անփոյթ հոգատարութիւնը երկիրը ցնցոտիներու մէջ թաղած էր արդէն. հասաւ հանրակառքին շարժելու ժամը. մեր նստարանները գրաւեցինք, ուղեւորներուն մէջ միայն երկու հայեր էինք: Բոլորս ալ յատուկ ուշադրութեամբ եւ երկիւղածութեամբ կը զննէինք զիրար, չէ՞ որ մեծամասնութիւնը  հալէպցիներ ըլլալու էին, քանի որ միայն հալէպցի մը իր տունը հասնելու համար կրնար յանձն առնել անակնկալներով եւ մութ ծալքերով լեցուն ճամբորդութեան մը տաժանքը: Ինքնաշարժը յառաջացաւ մինչեւ Հոմս, մինչ տանելի էր ամէն բան. Հոմսի ճամբեզրի ծակծկած շէնքերէն կարելի էր յստակ եզրակացութիւն կազմել այնտեղ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին. մէկ բառով, կարելի էր ըսել, թէ մահն ու վայրագութիւնը անցած էին այնտեղէն: Ինքնաշարժի պատուհանէն նկատեցի բարետես երիտասարդուհի մը` շատ կոկիկ հագած, որ կը շտապէր դէպի… ո՞ւր, հաւանաբար համալսարան, քանի որ առաւօտեան ժամը եօթն անց կէս էր, իսկ անոր պայուսակի ճեղքէն շատ յստակ կ՛երեւէր գիրքերու տրցակը: Ուրեմն կեանքը, հակառակ դժուար բոլոր պայմաններուն, կը փորձէր շարունակել իր բնականոն ընթացքը: Այսպէս, աւերակներու ընդմէջէն պասը կը փորձէր յառաջանալ: Ամէն տեղ` պատերուն, տուներուն վրայ փամփշտահարութեան հետքեր էին, պատերը ամբողջութեամբ ծակծկած էին, իսկ պատշգամները` տեղէն պոկուած:

Յաջորդ գլխաւոր քաղաքը, ուրկէ պէտք էր անցնէր պասը, Համան ըլլալու էր, բայց քանի որ տակաւին այնտեղ պատերազմական թէժ գօտի կը նկատուէր, իսկ մեր առնելիք ճամբան նախապէս ծրագրուածէն տարբեր էր, պէտք էր շրջանցէինք Համան, Սալամիէի ճամբով ընթանայինք` անցնելով Խանասերի եւ Սֆիրէի ճամբայէն, որ մեր ուղեւորութիւնը կ՛երկարէր եօթանասուն տոկոսով, բայց այսպիսով շրջանցած կ՛ըլլային եւ ազատած` Մարտին ճամբորդութեանս ընթացքին որդեգրուած Իտլիպ նահանգի գիւղերէն անցնելու պարտաւորութենէն, որ բաւականին սարսափազդու էր, վտանգաւոր եւ անակնկալներով լեցուն: Իտլիպի գիւղերը ահաբեկիչ ծայրայեղականներու որջն էին այլեւս, իննսուն տոկոսով: Գարնան, երբ այդ ուղին կ՛առնէր մեր հանրակառքը, որքան յստակ էր վարորդին համագործակցութիւնը մութ խմբակցութիւններու հետ. քանի մը տասնեակ մեթր անգամ մը պասը իրեն հետ կը վերցնէր սեւազգեստ փաթթոցաւոր երկարամօրուք զինեալներ, որոնց արտաքինէն շատ յստակ էր անոնց ծայրայեղ իսլամականներու խմբակցութեան մաս կազմելը: Շատ մեծ սիրով վարորդը զանոնք կը հասցնէր պահանջուած վայրը, համագործակցութիւնը ակներեւ էր. եւ այսպէս, ամբողջ ճամբու տեւողութեան կը կրկնուէր այս արարողութիւնը. իսկ հետագային կ՛իմանայինք, թէ ինչպէս այս միջոցով, նոյնիսկ Լիբանանի ծովեզերք հասած զինամթերքը ընդդիմադիրներու կողմէ կը փոխադրուէր սուրիական ծովեզերքէն դէպի Իտլիպ եւ`  զինեալ գօտիի մէջ գտնուող բոլոր շրջանները:

Այս անգամ, երբ Համան շրջանցեցինք եւ առինք Սալամիէի ճամբան, աչքերուս առջեւ վերակենդանացաւ Եղեռնէն վերապրածներուն հանգրուանած վայրերը, երբ անոնք տարբեր միջոցներով փորձեցին գալ Հալէպէն եւ պատսպարուիլ քիչ մը ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն ներշնչող այս վայրերը` արեան գօտիէն, թուրք ցեղասպանին նայուածքէն եւ ուշադրութենէն քիչ մը աւելի անջատուած եւ ամայացած ըլլալուն համար համեմատաբար ապահով նկատելով այդ տարածքը: Ճամբեզրին գտնուող բոլոր տուներուն կը հետեւիմ, մէկիկ մէկիկ, ուշադիր եւ զննող նայուածքով. հայեացքս արագ արագ կը սահի բոլոր գիւղական տուներուն վրայէն. կը փնտռեմ ջարդէն վերապրած տիկին Երանիկենց տունը. անոնք մնացեալ տարագրեալներէն նիւթապէս քիչ մը աւելի բարեկեցիկ վիճակ ունենալնուն համար բերուած էին այստեղ, հեռու ըլլալու համար արիւնարբուին աչքերէն:

Բայց, կը մտածեմ, եթէ հիմա, այսինքն` մօտաւորապէս հարիւր տարիներ ետք այսպիսի խեղճութեան մէջ են այս տարածքն ու տուները, գոմերն ու տնամերձերը, արդեօք հարիւր տարիներ առաջ անոնք ինչպիսի՞ն եղած կրնային ըլլալ: Ուշադրութիւնս ա՛լ աւելի կը կեդրոնացնեմ տուներուն վրայ` մտածելով, որ դարասկիզբի տուները մինչեւ հիմա պահպանուած կրնան ըլլալ: Բոլորն ալ գիւղացի հայու ձեռքով շինուած տուներու կը նմանին իրենց պարզութեամբ, անպաճուճութեամբ,  անսեթեւեթութեամբ եւ յստակութեամբ… Ամբողջ անապատային այս տեսադաշտին մէջ կը նկատուին տեղ տեղ ցրուած փոքրիկ դժնիկներ, իսկ տուներու կողքին ալ` ցանուած հովանի կամ պտղատու մէկ երկու  ծառեր… Ճամբան կը շարունակուի այսպէս, մինչ պասը ընթացք կ՛առնէ դէպի Սուրիոյ անապատային արեւելեան շրջանը, որպէսզի աւելի ուշ թեքի հիւսիս` Խանասերի ճամբով մուտք գործելու գլուխգործոց թիրախ, շրջափակուած մեր Հալէպ քաղաքը: Անապատը կը ճչայ իր բոլոր խստութեամբ եւ դառնութեամբ, գիրքերուն մէջ նկարագրուած աւազուտ անապատը չէր ասիկա, այլ` կարմիր կրաքարով, տեղ տեղ սեւ հրաբխային ցրուած քարակոյտերով, ուր ամէն տեղ նախկինէն շատ աւելի ընդգծուած, շեշտուած խեղճութիւն մը կը տիրէր:

Յանկարծ աչքերուս առջեւ կը պարզուին Բաբելոնի եւ Ասորեստանի պատերազմական վաշտերը այս հսկայ անմարդաբնակ տարածքները հազարամեակներ առաջ եւս մարտական յարձակումներու եւ արիւնարբու բախումներու թատերաբեմ եղած էին, նոյն այս անդաստանները ձեռքէ ձեռք խլուած` միաստուածեան եւ բազմաստուածութիւնը որդեգրող պետութիւններու կողմէ: Միթէ ասորիները ներկայ Սուրիոյ բնիկ ժողովուրդը չէի՞ն, «աշուրիներն ու սուրիանիները»: Իսկ բաբելացիները, որոնք կու գային մեր կողքի հարաւարեւելեան սահմանի հարեւան` Իրաքի տարածքէն, այն ատենուան Բաբելոնի չաստուածներու զօրքերը` այժմ «Պիլատ էլ Իրաք վալ Շամ»` «Տաէշ» կոչուած ծայրայեղական արիւնարբու խմբակցութիւններու արմատներն ու նախնիները ըլլալու էին: Հազարաւոր տարուան ճակատամարտերը կը կենդանանային նոյն տարածքներուն մէջ` ասոնց վրայ գումարելով հիւսիսի ահաբեկչական ծայրայեղ իսլամականներ խումբերը, որոնք Թուրքիոյ թոյլտուութեամբ Եւրոպայէն եւ արաբական երկիրներէն` Լիպիա, Թունուզ, Ալճերիա եւ այլն, նահատակուելու վճիռով կու գային Սուրիոյ մէջ իսլամին համար պատերազմելու, ժիհատի նահատակութեամբ մեռնելու երազով:

Մտածումներուս թելը կը խանգարուի, երբ երկու շատ երիտասարդ, տակաւին նորափթիթ աղուամազով` սուրիական բանակի զինուորներ կը բարձրանան պաս. անոնք քլաշինքոֆները շատ զգուշութեամբ, այնպէս մը կը զետեղեն իրենց կողքին, որ ոչ ոքի վնաս հասնի. ոտքի կը շարունակեն իրենց վարորդին հետ պայմանաւորուած երթը դէպի որոշուած զինուորական կանգառ. երկուքն ալ դեռ կաթէն նոր կտրուածի տեսք ունին: Ասոնք ինչպէ՞ս տիւ ու գիշեր մեր սահմանները պիտի պաշտպանեն, կը մտածեմ ակամայ: Մեծավարի լրջութեամբ մը եւ բարի կամեցողութեամբ անոնք պաս բարձրացած  ատեն «Ալ սալամ ու ալէյքոմ»-ը կը փոխանցեն: Ի տարբերութիւն տարուան սկիզբի ճամբորդութեանս, ճամբեզրին կը նկատեմ առկայութիւնը միայն մեր պետական զինուորներուն ու զօրախումբերու կայաններուն: Կը ճամբորդենք պետական զօրքի հսկողութեամբ. մինչ գլուխս դէպի վեր կը բարձրացնեմ, աչքիս այնքան յստակ կը ներկայանան բլուրներուն վրայ գտնուող զօրակայանները. եւ այսպէս,  իւրաքանչիւր հարիւր մղոն անգամ մը, բլուրի վրայ զօրանոցներու խմբակայաններ, նոյնպէս` մեր կողքի դաշտերուն մէջ, քանի որ մեր անցածը  զինուորական յատուկ ճանապարհն էր: Կողքիս նստողին կը հարցնեմ, թէ Արեւմտահայաստանի ո՞ր տարածքները կը յիշեցնեն այս վայրերը: «Ոչ մէկ», կարճ ու կտրուկ կը պատասխանէ ան: Իրապէս ալ այսպիսի գորշ բնութիւն, ո՛չ Արեւմտահայաստանի մէջ ըլլալու է, ո՛չ ալ ներկայ Հայաստանի: Կամաց կամաց կը սկսին Ճապուլի աղահանքերը. հողի այրած չոր մակերեսը ա՛լ աւելի կը շեշտուի: Այստեղ պատերազմը իր կնիքը դրոշմած է անհերքելիօրէն, անասելի աւեր` ամբողջ ճանապարհի երկարութեան. քանի մը քայլափոխ անդին գետին կքած գիւղական տուներու փշրուած առաստաղներ եւ երազներ, ամէնուրեք տարտղնուած տնային պարագաներ` բարձ մը, վերմակ մը, շպրտուած են ճամբուն վրայ:

Ուղեղ յոգնեցնելու այնքան ալ կարիք չկայ հասկնալու համար, թէ այստեղէն մարդիկ իրենց փախուստի դիմած պահուն իրենց ետին ձգած են իրենց հետ տանիլ փորձած անձնական իրերը: Կը յիշեմ մեծ հօրս խօսքը, զոր ան յաճախ ուղղած էր Համաշխարհային Բ.  պատերազմէն ետք ծնած մօրս, որ իր կարգին փոխանցած է մեզի. «Դուք տակաւին պատերազմ տեսած չէք»: Եղեռնէն ճողոպրած մեծ հայրս, իր ճամբուն վրայ, անասուններու կեղտին մէջէն գարիի հատիկներով փորձած է գոյատեւել. յաճախ մօրս ուղղած է այդ խօսքը, երբ մայրս մանկական իր չարաճճիութիւններով մերժած է իրեն հրամցուած ճաշը ուտել: Ահաւասիկ ես ալ, հիմա նոր կը հասկնամ պատերազմին ինչպիսի արհաւիրք մը ըլլալը. մեծ հօրս հնչեցուցած խօսքերը կ՛ընդհատեն կրկին երկու նորափետուր զինուորներ, որոնք այս անգամ պաս կը բարձրանան զարմանալի ոգեւորութեամբ, մինչ նախկինները արդէն իսկ հասած եւ իջած էին իրենց կայանը. ամենասարսափելի խօսքեր կը լսեմ ակամայ: Զինուորներէն մին վարորդին կը փոխանցէ, թէ` տակաւին երկու օրեր առաջ նոյն այս վայրին մէջ տեղի ունեցած է պասի մը կողոպուտն ու ճամբորդներէն քանի մը հոգիին  խողխողումը. երկրորդ կարգի նստարաններէն մէկուն վրայ նստած ըլլալուս` յստակ կը լսեմ մանրամասնութիւնները: Սարսուռ մը կ՛անցնի մէջէս, քանի որ կը յիշեմ քանի մը ամիսներ առաջ պատահած այնքան թարմ սպանդը, որուն ենթարկուած էին նաեւ հայրենակիցներէս ոմանք, յատկապէս` խեղճ Թամարը, որ ձրիօրէն իր կեանքը զոհած էր, երբ այս Խանասեր կոչուած վայրին մէջ իրենց պասը ենթարկուած էր ահաբեկիչ խմբակցութեան մը կրակոցին եւ թիրախ դարձած` անոնց քմահաճ մահասփիւռ որոշումներուն:

Թամարը երկվայրկեանի մը մէջ արիւնլուայ վիճակով իր կեանքը կորսնցուցած էր` շուրջը ձգելով վիրաւոր հայերու խմբակ մը, որոնց վկայութիւնը լսած էինք հետագային «Ռատիօ Երազ»-էն: Քանի՜ քանի՛ հայ երիտասարդներ առեւանգուած էին այս ճամբուն վրայ: Անոնց մէկ մասը ամիսներ ետք վերադարձած էր` պատմելով իրենց նկատմամբ կիրարկուած խոշտանգումներուն մասին, իսկ մաս մըն ալ տակաւին կը մնար անյայտ կորսուած… Ես ալ կրնայի Թամարին դառն ճակատագիրին արժանանալ: Ո՞վ ինչ կրնայ ընել, որ կրկին ապրի Թամարը… Կամաց կամաց կը սաստկանան ճամբու երկու կողմերու անապատային սրտմաշ եւ հոգելլկող տեսարանները… Շատ յստակ էր, որ ընդդիմադիրները ամէն ջանք թափած էին այս վայրերը իրենց հակակշիռին տակ պահելու համար, իսկ պետութիւնը բնականաբար ձեռնծալ չէր մնացած, թնդանօթներով փորձած էր գետնին հաւասարեցնել ահաբեկիչներով լի վայրերը: Օրերով, ամիսով արիւնալի մարտեր տեղի ունեցած էին, դեռ քանի մը օրեր առաջ նոր ազատագրուած էր Սֆիրէն, ուրկէ հիմա կ՛անցնէինք:

Աղի հանքի ներկայութիւնը բնականաբար բուսականութենէ զերծ պահած էր այս վայրերը, բայց ամբողջ ճամբու երկարութեան կը նկատեմ, թէ ոչ մէկ շնչող անասուն գոյութիւն ունի, ոչ մէկ աքլոր, էշ, ճնճղուկ, կատու, շուն կամ կով կը տեսնեմ: Ճամբու սկիզբը մէկ երկու ագռաւի վայրէջք նշմարած էի, իսկ մնացեալ ընտանի անասուններու չգոյութիւնը միայն մէկ բանի կը յանգեցնէր միտքս, արդեօք այստեղ ընդդիմադիրներու կողմէ քիմիական նի՞ւթ կիրարկուած էր` իբրեւ մահացու միջոց… Շատ յստակ էր, թէ սպանդ եւ գաղթ տեղի ունեցած էր այս վայրերուն մէջ. պատուհանէս կամաց կամաց մարդկային խլեակներ կը նկատեմ, զինուորական տարազ կրողներու կողքին: Մէկը երկու աքլոր կը զետեղէ փիքափի մը յետսամասը… Կողքինս խօսքը ինծի կ’ուղղէ. «Մի՛ նեղանար, ահա երկու անասուն…»: Ուրեմն Հալէպին մօտեցած ըլլալու ենք, կ՛ըսեմ ես, քանի որ Սֆիրէն Հալէպին մօտ ըլլալու է… Կը նկատեմ, թէ տասներկու ժամէ ի վեր արդէն իսկ ճամբան էինք. յանկարծ կը լսեմ քրքիջը երիտասարդ զինուորի մը, որ միաժամանակ կը յայտարարէ, թէ ինք սֆիրէցի է, ուրախ է, որ ազատագրուած են այս տարածքները. ձեռքին տոպրակ մը` ձմերուկի կուտ, բարձրաձայն կը գոչէ. «Հիմա բոլորդ ալ պիտի համտեսէք այս ձմերուկի կորիզէն, նոյնիսկ մէկ հատիկ կուտ, մուրազի համար, քանի որ ասիկա յաղթանակած Սֆիրէի պատրաստութիւն է, ես ալ այդտեղացի եմ. անպայման առէք, մի՛ մերժէք… Կը նկատեմ, թէ որքան կոպիտ են պասի ուղեւորները, ես ալ մէջը ըլլալով, որ չենք ընդառաջեր յաղթանակած զինուորի փափաքին. որքան կը ցանկամ առջեւ անցնիլ եւ հատիկ մը վերցնել, ո՞ւխտ մը ընելու համար արդեօք, տղա՞ն չմերժելու համար, թէ՞ իր ուրախութեան մասնակից դառնալու… Զինուորին հրաւէրը ոչ միայն չընդունեցին, այլեւ յատուկ ուշադրութեան չարժանացուցին, նոյնիսկ լռելեայն մերժուեցաւ այն ժողովուրդին կողմէ, որոնց հայրենի սահմանները կը պաշտպանէր. ակամայ կը յիշեմ երկու հազարամեակներ առաջ ապրած այն վարդապետը, որ իր կեանքը կը զոհէր մարդկութեան փրկութեան համար. այն մարդկութեան, որ ոչ միայն չընդունեց զինք, այլ խաչը բարձրացուց. երկար ատեն կը հնչէ զինուորին պնդումը. «Պէտք է առնէք նոյնիսկ հատիկ մը, չմերժելու համար յաղթական քաղաքի զինուորին հիւրասիրութիւնը»:

Ձայնը կը կրկնուի, ոչ մէկ պատասխան կամ ծպտուն, ձայն բարբառոյ յանապատի… Բոլորը կը մրափեն, պասը ապահով կը մօտենայ Հալէպին, որ աշնանային փոշոտ մշուշին մէջ կորսուած է: Կէսօրէն քանի մը ժամ անցած է արդէն, անճանաչելի հիւանդագին եռուզեռ մը կը տիրէ աղբակոյտերու եւ աւերակոյտերու մէջէն արթննալ փորձող քաղաքի մուտքին… Ամէն տեսածդ ցաւ կը պատճառէ, մանաւանդ` երկար բացակայութենէ ետք. կանաչի ոչ մէկ նշոյլ, տխուր եռուզեռը կը շարունակուի ամէնուրեք, պատերազմի ծանրութեան տակ ընկճուած քաղաքը կը փորձէ սթափիլ անգամ մը եւս, յանկարծ, մահաքունի մէջ չմտնելու համար… Տուն մտնելէս ժամ մը ետք արդէն իսկ կամաց կամաց քաղաքը կը սկսի ծածկուիլ իր սեւ սաւանով, կ’իմանամ, թէ անցնող ամբողջ օրը ո՛չ ելեկտրականութիւն, ո՛չ իսկ ջուր ունեցած են. տան հարազատութիւնը բաւարար կ’ըլլայ, որ անտեսեմ ամէն դժուարութիւն:

Արագօրէն կը վազեմ դէպի գիրքերս եւ յիշատակներս…

 

Հալէպ

Share this Article
CATEGORIES