ՄԱԿ Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Փաստերու Գոյութիւնը Կը Յայտարարէ

Սելսթրոմ զեկուցումը կը յանձնէ Քի Մունի
ՄԱԿ-ը յայտարարեց, որ քիմիական զէնքերու գործածութեան հետաքննիչները Սուրիոյ մէջ իրենց այցելած 7 վայրերէն 5-ին մէջ քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործման փաստեր գտած են:
Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու գործածութեան հետաքննիչ յանձնախումբի ղեկավար Աքէ Սելսթրոմի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին յանձնած վերջնական զեկուցումին մէջ նշուած է, որ հետաքննիչները չեն յաջողած քիմիական զէնքերու յարձակումներու վայրերուն եւ զոհերուն միջեւ կապ մը հաստատել` աւելցնելով, որ «մասնագէտները չկրցան քիմիական զէնքերով յարձակումներուն մասին ամբողջական տեղեկութիւններ հաւաքել»:
Թրքական «Ուըրլտ Պուլեթին» կայքէջը` յղում կատարելով արաբ դիւանագէտի մը, հաղորդեց, որ Իրան եւ Սէուտական Արաբիա յունուար 2014-ին տեղի ունենալիք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին հրաւիրուած երեսուն երկիրներու շարքին են:
Դիւանագէտը յայտնած է, որ 22 յունուարին նախատեսուած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը իրականութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ Լեման լիճի եզերքին գտնուող զուիցերիական Մոթրէօ քաղաքին մէջ, որովետեւ Ժընեւի պանդոկներուն մէջ ժողովի մասնակիցներուն համար բաւարար սենեակներ չկան:
Ան շեշտած է, որ 32 երկիրներ հրաւիրուած են «Ժընեւ-2»-ին, սակայն այդ թիւը կրնայ բարձրանալ, որովհետեւ բոլորը կ՛ուզեն անոր մասնակցիլ:
Արաբ դիւանագէտը նշած է, որ երկիրներուն մեծամասնութիւնը պիտի մասնակցի արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով եւ «իւրաքանչիւր նախարար կրնայ հինգ վայրկեան տեւողութեամբ խօսք արտասանել»:

