Յունական Սփիւռքը Միացեալ Նահանգներէն Կը Պահանջէ Ս. Սոֆիայի Տաճարին Իբրեւ Մզկիթ Օգտագործումը Չարտօնել

Ս. Սոֆիա տաճարը

Ս. Սոֆիա տաճարը

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու յոյն համայնքի կազմակերպութիւնը խնդրագիր յղած է քոնկրեսին` պահանջելով միջամտել Պոլսոյ մէջ Ս. Սոֆիա տաճարը իբրեւ մզկիթ օգտագործելու Թուրքիոյ ծրագիրներուն:

Միացեալ Նահանգներու յոյն համայնքի ղեկավարներու խորհուրդի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Քոնկրեսի անդամներու հետ եւ անոնց ներկայացուցած ամբողջ աշխարհէն աւելի քան 25 հազար ստորագրութիւններով հաղորդագրութեան բնագիրը:

Փաստաթուղթին մէջ բողոք կը յայտնուի թուրք պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն վերաբերեալ: Պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է միջամտելու:

Ըստ խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, քոնկրեսականները, որոնց հետ իրենք հանդիպած են, «իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Ս. Սոֆիայի տաճարին մասին թուրք պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ուղղափառութեան եւ հելլենականութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ընդհանուր գործողութիւններուն վերաբերեալ»:

Միացեալ Նահանգներու յոյն համայնքի ղեկավարներու խորհուրդը ստորագրութիւններով հաղորդագրութիւններ ուղարկած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին:

Share this Article
CATEGORIES