Թեհրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Փորձագէտներու Բանակցութիւններուն Մէջ Դադար Յայտարարուած Է

IRAN-IAEAՎիեննայի մէջ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ փորձագէտներու մակարդակով ընթացող բանակցութիւններուն մէջ դադար յայտարարուած է: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ դադարը պիտի օգտագործուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան ղեկավարութեան հետ իրանեան պատուիրակութեան անդամներուն խորհրդակցութեանց համար:

Վերջին օրերուն ընթացքին Վիեննայի մէջ բանակցութիւնները կատարուած են երկու մակարդակով. Վեցեակի ու Իրանի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ու Իրանի պատուիրակութիւններուն միջեւ: Անոնք վերաբերած են նոյեմբերին Ժընեւի մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ գոյացած ժամանակաւոր համաձայնութեան գործադրութեան: Վիեննայի մէջ ներկայիս տեղի ունեցող խորհրդակցութիւնները, որոնք որոշ ժամանակ ետք պիտի շարունակուին, տեղի կ՛ունենան արտաքին գործոց նախարարութեանց գլխաւոր տնօրէններու մակարդակով:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը նշէ, որ հանդիպումներուն մասնակցած կողմերը անոնց արդիւնքները կը նկատեն կառուցողական եւ խոստմնալից:

Վեցեակի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու հերթական փուլը նախատեսուած է 21 յունուար 2014-ին:

Share this Article
CATEGORIES