Ըստ Ուքրանիոյ Փոխվարչապետին. Քիեւ Մօտ Օրէն Պիտի Ստորագրէ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը

Սերկէյ Արպուզով

Սերկէյ Արպուզով

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ փոխվարչապետ Սերկէյ Արպուզով Եւրոպական Միութեան ընդարձակման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտարարած է, որ Ուքրանիա մօտ օրէն պիտի ստորագրէ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:

Ֆիւլէ իր կարգին յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Ուքրանիան համաձայնութիւն գոյացուցած են բանակցութիւններ վարելու առանց Ռուսիոյ:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ֆիւլէ նշած է, որ Քիեւ եւ Պրիւքսէլ «ընկերակցութեան պարագային Եւրոպական Միութեան կողմէ փոխհատուցումներու շօշափելի թիւեր չեն քննարկած»: Միեւնոյն ժամանակ ան խոստացած է Քիեւին, որ Եւրոպական Միութեան մերձենալու համեմատ «եւրոպական աջակցութիւնը աւելի ու աւելի պիտի մեծնայ»:

«Կրնանք ուքրանացի ժողովուրդին հաւաստել, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին: Մենք չենք փոխեր Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան հետ համարկման քաղաքականութիւնը: Եւրոպան իր կողմէ Ուքրանիոյ հաւաստեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ համարկման հոլովոյթը շահաւէտ պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ համար», ըսած է Արպուզով: «Մենք պիտի քննարկենք արտաքին առեւտուրի, ներդրումներու, ապրանքափոխանակութեան հարցերը եւ ուրիշ շատ նիւթեր», ընդգծած է ան:

Պրիւքսէլեան դիւանագիտական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է, որ համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի յառաջիկայ տարուան գարնան տեղի ունենալիք վեհաժողովին ընթացքին:

Ռուսիա Յառաջիկայ Շաբաթ Տնտեսական
Համաձայնագիրներ Պիտի Ստորագրէ
Ուքրանիոյ Հետ

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին յառաջիկայ շաբաթ Ուքրանիոյ հետ շարք մը տնտեսական ու առեւտրական համաձայնագիրներ կնքելու:

Ըստ օրաթերթին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնած է, որ փաստաթուղթերը պիտի ստորագրուին 17 դեկտեմբերին:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» նկատել կու տայ, որ միեւնոյն ժամանակ Մոսկուա մտահոգութեամբ կը հետեւի, թէ Քիեւի մէջ շարունակուող բազմահազարանոց բողոքի ցոյցերը ինչպէ՛ս կը թուլացնեն կայունութիւնը նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի կառավարութեան, որ կը շարունակէ բանակցութիւններ վարել Մոսկուայի եւ Պրիւքսէլի հետ` ելեւմտական օժանդակութիւն ստանալու համար:

Անդրադարձին մէջ կը նշուի, որ Ռուսիա կը վախնայ ուքրանացիներու բողոքի ցոյցերու ծաւալներուն ընդլայնումէն, ուստի քաղաքական մեծ աջակցութիւն կը տրամադրէ Եանուքովիչին` այդ ձեւով միջամտելով Ուքրանիոյ ներքին հարցերուն:

Նախապէս Փութին յայտարարած էր, որ Ուքրանիան մայիսէն ի վեր կը մասնակցի Մոսկուայի գլխաւորած Մաքսային միութեան կանոնաւոր նիստերուն, որոնց ծիրին մէջ այդ երկիրը փափաք յայտնած է կնքել որոշ համաձայնագիրներ:

Ռուսիա Եւրոպական Միութեան Գործընկերներէն
Պահանջած Է Ուքրանիոյ Ներքին Հարցերուն Չմիջամտել

«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Մեշքով Յունաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Էվանկելոս Վենիզելոսի հետ կայացած բանակցութիւններուն ընթացքին արծարծած է Արեւելեան գործընկերութեան նիւթը եւ ներկայացուցած Ռուսիոյ դիրքորոշումը` Ուքրանիոյ ներքին հարցերուն չմիջամտելու կարեւորութեան վերաբերեալ:

«Մեր կողմէ անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ Ուքրանիոյ ներքին հարցերուն չմիջամտելու կարեւորութիւնը», ըսած է Մեշքով ռուս լրագրողներուն` պարզաբանելով, որ անհրաժեշտ է «ուքրանացիներուն կարելիութիւն տալ իրենց ընտրութիւնը ինքնուրոյն կերպով կատարելու»:

Մեշքով նաեւ յիշեցուցած է, որ Արեւելեան գործընկերութեան պետութիւններուն մեծ մասը ԱՊՀ-ի անդամներ են, կան նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամներ, որոնց հետ այդ ձեւաչափերով ստորագրուած են հարիւրաւոր բազմակողմ համաձայնագիրներ: «Եւ վարուիլ այնպէս, կարծես այդ ամէնը գոյութիւն չունի, եւ այդ պետութիւններուն հետ յարաբերութիւնները սկսիլ զերոյէն, ըստ իս, ճիշդ պիտի չըլլար», ըսած է դիւանագէտը:

Լաւրով Երկուշաբթի Օր Էշթընի Հետ
Պիտի Քննարկէ Ուքրանիոյ Հարցը

«Արմենփրես»` յղում կատարելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքին, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 16 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Պրիւքսէլ, ուր Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան հետ պիտի քննարկէ մասնաւորաբար Ուքրանիոյ կացութիւնը:

«16 դեկտեմբեր 2013-ին, Պրիւքսէլի մէջ Ռուսիա-Եւրոպական Միութիւն երկխօսութեան ծիրին մէջ աշխատանքային նախաճաշի ձեւաչափով տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Քեթրին Էշթընի հետ», ըսուած է բաժանմունքին հաղորդագրութեան մէջ:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարեց. «Մոսկուա Ուաշինկթընի յայտնեց, որ ուքրանական ներքին հարցերուն միջամտելը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

Share this Article
CATEGORIES