Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու Թրիփոլիի մէջ կայունութիւնը ամրապնդելու միջոցները: Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կարելի է կազմել միայն 9+9+6 տարազին հիման վրայ, այլապէս պէտք է վերադառնալ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը եւ որ կը գործէ ի խնդիր լիբանանցիներուն եւ երկրին շահերուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ալպեր Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող հարցերը:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները` ընդգծելով այս հանգրուանին կառավարութեան նիստ մը գումարելու կարեւորութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթի հետ: Քննարկուեցան Եւրոպական Միութեան կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք օժանդակութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անակնկալի մատնուած է Սուրիոյ մղած գոյապայքարէն` աւելցնելով, որ սուրիական իշխանութիւնները սխալ չեն մեկնաբաներ եւ քաջ գիտեն իրենց բարեկամները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին սուտասանութեամբ մեղադրեց` աւելցնելով, որ ինք եւ իր զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթ Դամասկոս պիտի չայցելեն մինչեւ անոր ազատագրումը:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի շեշտեց, որ եթէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման փափաքէր կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմել, ապա վաղուց նման կառավարութիւն մը կազմած կ՛ըլլար:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կարծր կեցուածք պիտի ցուցաբերէ այն անձին դէմ, որ Մուսթաքպալ հոսանքին դէմ լարուածութիւն կը ցուցաբերէ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կառավարութեան մը կազմութիւնը կարելի կը դառնայ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու պատասխանատուներէն զօր. Իյալ Այզընպըրկ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ պատերազմը շատ արագ եւ անակնկալ կերպով պիտի բռնկի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան ահաբեկչութեան, չարիքին եւ արտաքին միջամտութիւններուն դէմ յաղթանակ պիտի արձանագրէ` իր ժողովուրդին միասնականութեամբ:
ԱՐԵՒԵԼՔԻ քրիստոնեաներու հանդիպումին ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց ազատ արձակելու առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներն ու Մաալուլայի մայրապետները, ինչպէս նաեւ վերջ տալու Սուրիոյ պատերազմին:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի անդամ շէյխ Ապպաս Զղէյպ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց միջամտելու զինեալներուն մօտ եւ ազատ արձակելու Մաալուլայի մայրապետները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Թաէֆէն սկսեալ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քաղաքականութիւնը քրիստոնեաներուն փորձանքներ բերած է: Ան ողջունեց 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու գաղափարը` աւելցնելով, որ խորքին մէջ անիկա Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան առաջարկն է:

