Վարչապետ Միքաթի Մուքպելի Հետ Քննարկեց Ռումիէի, Պաապտայի Հիւանդանոցին Եւ Արդարութեան Պալատին Թղթածրարները

Մուքպել եւ Միքաթի
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Ռումիէի բանտին, Պաապտայի կառավարական հիւանդանոցին եւ Պաապտայի Արդարութեան պալատի ընդարձակման թղթածրարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ: Քննարկուեցան Միքաթիի կողմէ Թուրքիա կատարուած վերջին այցելութեան արդիւնքները:
Հանդիպումին ընթացքին թուրք դեսպանը յայտնեց, որ Թուրքիոյ կողմէ լիբանանեան երեք քաղաքապետարաններու տրամադրուած են հիւանդատարներ: Այդ քաղաքապետարաններուն մաս կը կազմէ նաեւ Թրիփոլիի քաղաքապետարանը:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Համաշխարհային շինարարներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` տրուած ըլլալով, որ նշեալ համադաշնակցութիւնը տարեկան իր համագումարը կը կատարէ Լիբանանի մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի դրուատեց Լիբանանի հետ համադաշնակցութեան ունեցած յարաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ փորձառութիւնները փոխանակելու աշխուժ քայլերը:

