«Սաֆատի Համաձայնեցաւ Եկամտայարկի Ենթակայ Հաստատութիւններուն Վնասները Զեղչելու» Շեշտեց Վ. Սապունճեան

Սապունճեան եւ Սաֆատի` հանդիպման պահուն
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան քայլերը:
Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ Սաֆատի համաձայնած է եկամտայարկի ենթակայ հաստատութիւններու եւ հարկատուներու 2012-2013 տարիներու վնասները զեղչելու` երեքի փոխարէն վեց տարիներու վրայ բաժնուած մասերով:
Վ. Սապունճեան յայտնեց նաեւ, որ դեղորայքի պատրաստութեան համար ներածուող նիւթերը յաւելուած արժէքի տուրքէն զերծ կացուցուած են:
Իր կարգին, Սաֆատի յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը տնտեսական այս դժուար պայմաններուն տակ որոշած է գործակցիլ հիմնական մարզերուն հետ, որպէսզի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ բարգաւաճում արձանագրէ:
Միւս կողմէ, Վ. Սապունճեան «Ուաֆիք» միութեան եւ Լիբանանեան-ամերիկեան առեւտուրի պալատին կողմէ կազմակերպուած «Առողջարար սնունդի զարգացման օրէնք»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն ամրապնդելու համար այն ռազմավարութիւնները, որոնք կը միտին բարելաւել Լիբանանի մէջ առողջարար սնունդի տարածումը:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սննդագիտական ճարտարարուեստը յաջողութիւններ արձանագրած է եւ սնունդի արտադրութեան համեմատութիւնը ներքին առումով բարձրացած է:
Նախարարը աւելցուց, որ լիբանանեան սննդագիտական այդ արտադրութեան պահանջը արտաքին շուկաներուն կողմէ եւս բարձրացած է` ընդգծելով, որ այդ մարզը կրնայ շատ արագ բարգաւաճիլ:

