Նախագահ Սարգսեան Վիճայարոյց Կենսաթոշակային Բարեփոխումը «Դրական» Կը Գնահատէ
Երէկ տնտեսութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութենէն ետք նախարարութեան աշխատակիցները հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ կենսաթոշակային բարեփոխումներուն` իր դրական վերաբերմունքը արտայայտելով անոնց նկատմամբ:
«Գիտէք, այդ խնդիրով ես տեւական ժամանակ անձամբ զբաղած եմ եւ ժամանակին կատարած եմ քանի մը խորհրդակցութիւններ, որոնց շարքին նաեւ` Ազգային ժողովին մէջ ընդգրկուած քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ, որոշակիօրէն` առնուազն չորս խմբակցութիւններու, կուսակցութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ: Նպատակը այն է, որ մենք յաջողինք զգալ բոլոր խնդիրները, որոնք կրնան յառաջանալ` քաղաքականէն մինչեւ տնտեսական, ելեւմտական, եւ ունենալով այդ համոզումը` մենք փաստաթուղթին տուած ենք օրէնքի նախագիծի տեսք, ուղարկած ենք Ազգային ժողով եւ, փառք Աստուծոյ, արդէն ունինք քուէարկուած օրէնք, որուն հանդէպ իմ վերաբերմունքս դրական է», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, պարտադիր կուտակային համակարգին շուրջ կարծիքները կարելի է բաժնել քաղաքական եւ մասնագիտական տեսակներու:
Նախագահը ընդգծեց, որ ե՛ւ քաղաքականին, ե՛ւ մասնագիտականին մէջ մշտապէս առկայ է ե՛ւ մակերեսութիւն, ե՛ւ բաւական խորքային մօտեցում: Նախագահը փափաք յայտնեց, որ բոլոր անոնք, որոնք այս բարեփոխումը օգտակար կը նկատեն, շատ աւելի աշխուժ ըլլան: Սարգսեան ընդգծեց, որ վերջաւորութեան իրենք կ՛ուզեն, որ տարեց մարդիկը ապահով զգան ընկերային գետնի վրայ: «Անկեղծօրէն, ես շատ պարագաներու անյարմար կը զգամ, կ՛ամչնամ եւ նոյնիսկ կը կարծեմ, որ տեղն է, ժամանակն է ներողութիւն խնդրելու այդ մարդոցմէ», ըսաւ երկրին նախագահը:
Ըստ նախագահին, այս խնդիրը պէտք է այսօր լուծուի, որպէսզի ապագայ պաշտօնատարները ներողութիւն խնդրելու կարիք չունենան:
«Ես ասիկա կ՛ըսեմ անոր համար, որ ասիկա լսելի ըլլայ նաեւ բոլոր այն պետական պաշտօնատարներուն, որոնք կրնային այս խնդիրը լուծել տարիներ առաջ: Մենք հիմա ստիպուած չէինք ըլլար ներողութիւն խնդրելու: Հեքիաթներ հնարած են` սերունդներու համերաշխութեամբ տարիներով, տասնամեակներով եղած համակարգը կը ջարդեն: Ո՞վ ըսած է, որ կը ջարդեն: Այդ համակարգը պիտի մնայ: Մենք կ՛ըսենք, որ լրացուցիչ ասիկա ալ կ՛ուզենք: Շատ դրական կը գնահատեմ, եւ բոլոր անոնք, որոնք դրական մօտեցում ունին, շատ աշխուժ պէտք է ըլլան», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:

