Տաւութօղլու. «1915-ի Տեղահանութիւնը Անմարդկային Էր, Եւ Թուրքիան Երբեք Չէ Աջակցած Այդ Քայլին»
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Երեւանի մէջ թուրք լրագրողներու հետ իր ունեցած հանդիպումին ժամանակ յայտարարած է, որ 1915-ի հայերու տեղահանութիւնը անմարդկային էր, եւ Թուրքիան երբեք չէ աջակցած այդ քայլին:
«Մենք գոհ ենք Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպումէն: Ատիկա անկեղծ էր: Հիմնական նպատակն էր երկխօսութեան համար ամուր հիմքերով միջավայր կառուցելը», ըսած է ան եւ յոյս յայտնած, որ երկու երկիրներու հաւաքական գիտակցութիւնը կրնայ «արդար յիշողութիւն» ստեղծել:
«Մենք կ՛ըսենք «արդար յիշողութիւն», ինչ որ կը նշանակէ, թէ մենք պէտք է փաստերը գիտնանք: Այդ ժամանակ մենք պիտի տեսնենք, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները նման չեն գերմանական-հրէական կապերուն: Ամէն փողոցի մէջ ընդհանուր գիծ մը կայ: Երբ մենք ատիկա հասկնանք, ապա պիտի տեսնենք, որ տեղահանութիւնը, որ ես Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած բացարձակ սխալ կը նկատեմ, անմարդկային էր», ըսած է Տաւութօղլու Երեւանի մէջ:
Ան նշած է, որ հիմնական նպատակը Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալը չէ, այլ Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար պայմաններու ստեղծումը: Ըստ անոր, այս գործը երեք «ոտք» ունի: Առաջինը` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններն են: «Մենք Պաշշար Ասատի հետ բարեկամ էինք, սակայն այժմ չեմ կրնար Դամասկոս երթալ այնպէս, ինչպէս Երեւան եկայ: Այժմ մինչեւ իսկ բարեւելը դժուար է», ըսած է ան:
Երկրորդը` հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնն է, զոր «կրնանք մինչեւ իսկ ազգամիջեան խաղաղութեան հաստատում կոչել»: «Մինչեւ իսկ Վրաստանի ու Աբխազիոյ յարաբերութիւնները այստեղ նշանակութիւն ունին», ըսած է Տաւութօղլու:
Իսկ երրորդը` հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն յարաբերութիւններն են, այսինքն` Լոս Անճելըսի, Փարիզի, Մոսկուայի մէջ, ուր ալ որ ըլլայ, թուրքերու եւ հայերու միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծումը:
«Երեք ոտքերէն մէկը եթէ վնասուի, խնդիրներ պիտի յառաջանան: Ենթադրենք` սահմանը բացինք, վաղը եթէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմ սկսի, դարձեալ ստիպուած պիտի ըլլանք փակելու», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Տաւութօղլու դարձեալ մեղադրած է հայկական սփիւռքը եւ նշած, որ արտերկիր այցելութեանց ընթացքին ինք միշտ կը փորձէ հանդիպիլ սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ: «Մենք զգացած ենք, որ եթէ սփիւռքի հետ հիմք չի ստեղծուիր, թուրք-հայկական յարաբերութիւններու վրայ ճնշում կը գործադրուի, եւ գործը յառաջ չ՛երթար», ըսած է ան:

