«Տաւութօղլուի Դէմ Ցոյցը Հասաւ Իր Նպատակին» Ընդգծեց Գերասիմ Վարդանեան
«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի դէմ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած նախանցեալ օրուան բողոքի ցոյցը հասաւ իր նպատակին», յայտնեց միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան` նշելով, որ անոր վառ ապացոյցը թրքական եւ համաշխարհային զանգուածային լրատուամիջոցներու արձագանգն էր:
Ըստ Վարդանեանի, Տաւութօղլու պանդոկի ետեւի մուտքէն դուրս եկաւ` վախնալով առճակատման դուրս գալ երիտասարդ ներկայացուցիչներուն հետ այն ժողովուրդին, որուն կոտորած են իր ազգակիցները:
Անդրադառնալով որոշ քաղաքական ուժերու այն յայտարարութիւններուն, թէ ինչո՞ւ ցոյցը փոքրաթիւ էր եւ, եթէ իմանային, թէ անոնք այդքան քիչ պիտի ըլլան, մարդիկ կ՛ուղարկէին, Վարդանեան յայտնեց, որ եթէ թիւի համար պէտք է գան, աւելի լաւ է չգան, ատիկա գաղափարի հարց է: Վարդանեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան մէջ չկայ այն մշակոյթը, որ այս կամ այն քաղաքական ուժին վրայ ցեխ շպրտելով վեր բարձրանան:
Ըստ անոր, Տաւութօղլուի Հայաստան այցելութիւնը որեւէ նշանակալի բան չէ տուած, փոխարէնը ցոյցը որոշ արդիւնք տուած է: «Այդ ցոյցը ուղղուած էր Թուրքիոյ երիտասարդութեան, մենք յստակ ցոյց տուինք, որ մենք պահանջատէր ենք, եւ որ եթէ ներկայիս իշխանութիւնները չեն ճանչնար Ցեղասպանութիւնը, ապա այդ բեռը պիտի ձգեն Թուրքիոյ ապագայ սերունդին վրայ», ընդգծեց Վարդանեան:

