Պիլպաօ Կրնայ Հիւրընկալել Եւրօ-2020-ի Խաղերը
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ընդհանուր քարտուղար Ճիաննի Ինֆանթինօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ Եուրօ-2020-ի խաղերը սպանական Պիլպաօ քաղաքին մէջ կատարելու առաւելութիւններուն մասին:
«Պիլպաոն հրաշալի քաղաք մըն է, ֆութպոլի քաղաք: Քաղաք մը, ուր կայ նոր մարզադաշտ: Եուրօ-2020-ի խաղերը հիւրընկալող քաղաքները պէտք է ունենան մեծ մարզադաշտեր, լաւ պանդոկներ եւ օդակայաններ: Այս բոլորին հետ կապուած, Պիլպաոն ոչ մէկ հարց ունի: Շատ հաւանական է, որ այս քաղաքը ըլլայ Եուրօ-2020-ի խաղերը հիւրընկալող քաղաքներէն մէկը», ըսաւ Ինֆանթինօ:
ArmSport.am իր այս լուրը եզրափակեց նշելով, որ մրցումները տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի 13 քաղաքներու մէջ:
CATEGORIES Մարզական