Օլսըն Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ 2016
Դանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ազգային խումբի մարզիչ Մորթըն Օլսըն իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2016-ի ամառը:
Այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ սկզբունքով յառաջիկայ ամառ աւարտելիք անոր պայմանագրութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 2016-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտը, այսինքն` մինչեւ Եուրօ-2016-ի մրցաշարքէն ետք, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ:
Նշենք, որ Օլսըն կը նկատուի աշխարհի ամէնէն երկարատեւ ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնած մարզիչներէն մէկը:
CATEGORIES Մարզական

