Լիվըրփուլի Վիրաւոր Խմբապետ Ժերար Շուրջ Մէկ Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
Լիվըրփուլի մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբին խմբապետ Սթիւըն Ժերար, որ նախորդ շաբաթավերջին Ուեսթ Համի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, շուրջ մէկ ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Այս իրողութիւնը հաստատուեցաւ երէկ, երբ անոր վրայ կատարուած քննութիւնները ճշդեցին, թէ ան որքանով պէտք է բացակայի:
CATEGORIES Մարզական

