Թենիսի Մարզական Օր` «Ֆիթնես Զոն» Ակումբին Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Ֆիթնես Զոն» ակումբին (Պաապտա), հսկողութեամբ Լիբանանի ազգային խումբին մարզիչ, նախկին ախոյեան Ֆատի Եուսեֆի եւ հովանաւորութեամբ «Պապոլաթ»-ի եւ «Իզոս Թար»-ի, վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ թենիսի մարզական օր մը` 5-12 տարեկան երկսեռ մարզիկներու մասնակցութեամբ:
Շուրջ հարիւր աշակերտներ օր մը ամբողջ սորվեցան թենիսի գաղտնիքներ, եւ անոնց փոխանցուեցան այս մարզին վերաբերեալ յատուկ գիտելիքներ:
Աւարտին, անոնք բոլորն ալ ստացան տիտղոսներ եւ մետալներ:
Այս առիթով պարգեւատրուեցաւ Սարա Նասիֆ, որ Արեւմտեան Ասիոյ թենիսի ախոյեանութեան 13 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ հանդիսացած էր 3-րդ:
CATEGORIES Մարզական