ՌՈՒԲԷՆ ՀԱԽՎԵՐԴԵԱՆ
Ռուբէնի ծննդեան 60-ամեակին առթիւ, 26 ապրիլ 2011-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Ռուբէն Հախվերդեան» անունով գիրքը, հեղինակութեամբ` Շուշան Արզաքանեանի:
Շաբաթ մը առաջ, օրինակ մը կրցայ ունենալ, շնորհիւ Արծուի Բախչինեանին եւ Արմէն Իւրնէշլեանին:
Եւ շաբաթ մըն է, որ գիրքը ձեռքէս վար չեմ դրած: Տարուած` մէջի գրութիւններով, լուսանկարներով: Հին նկարներ, նոր նկարներ, Ռուբէնի մանկութիւնը, ձեռագիրը` առնուած իր դասարանային տետրակէն եւ այլն:
Կոկիկ ձեւով պատրաստուած է գիրքը: Մօտ 500 էջերէ բաղկացած գիրքը ունի երկու բաժիններ:
Առաջինը` գրութիւններու հաւաքածոյ մըն է, ուր Ռուբէնի ժամանակակիցներ իրենց վերլուծական նիւթերով, մասնագիտական գնահատանքի խօսքերով եւ կամ խենթ ու անմիջական պատմութիւններով, կ՛արտայայտեն իրենց զգացումները Ռուբէնի ու իր արուեստի մասին:
Գրողներու շարքին են Էդուարդ Զօրիկեան, որ նոյնպէս երգիչ եւ երգահան, Ռուբէնի հետ շատ մը համերգներու մասնակցած է:
Հոն կայ նաեւ Եղիշէ Չարենցի թոռնուհին, Գոհար Բազեան-Ջերահեան, որ Հոլանտա կը գտնուի: Կը պատմէ, թէ երբ Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ Ռուբէնին հանդիպած է, Ռուբէն հարց տուած է իրեն.
– Քանի՞ տարի է, որ ապրում էք Հոլանտայում:
– Քսան,- կ՛ըսէ Գոհար:
Ռուբէն կը շարունակէ.
– Այդ անգոյն մարդկանց մէջ ինչպէ՞ս էք ապրում:
– Քո երգերն ենք լսում,- կը պատասխանէ Գոհար:
Եւ Ռուբէն ժպտալով` ցաւակցում եմ:
Գրողներէն կարելի է յիշել նաեւ Սիրուշոն, Դաւիթ Ամալեանը, Տիգրան Խզմալեանը եւ այլն:
Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ, թուականի շարքով հաւաքուած են անոր հետ կատարուած հարցազրոյցներ ու իր մասին յօդուածներ:
Ձեւով մը պատկեր մը կը յայտնուի` Ռուբէնը եւ իր հեքիաթային աշխարհը, օձերով, ձկնիկներով, շներով, օղիի շիշերով ու աստեղազարդ երկինքներով…
Ի վերջոյ «Մարդու կեանքը»:
ՆԱՐԵԿ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

