ԱԶԳԱՅԻՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ Ս. ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 75-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Հայու գոյատեւման կամքով, ամրակուռ հոգիով եւ ազգային ժառանգութեան կառչածութեամբ իբրեւ կաղնի տոկաց 75 երկար տարիներու հաւատքով, նուիրումով եւ յոյսով գործող Ազգային Ռուբինեան Ս. Մեսրոպեան` յոյսի եւ լոյսի վարժարանը:
Կիրակի, 12 յունիս 2011-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Ժունիէի շրջանի Մետիսըն պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ռուբինեան-Սահակ Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակի տօնակատարութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Մկրտիչ եւ տէր եւ տիկին Փոլ Թորոսեաններու:
Սրահին մուտքին, բոլոր հիւրերը ստացան խորհրդանշական յուշանուէրներ, գրքոյկներ:
Առաջին հերթին բեմ բարձրացաւ դպրոցի պարախումբը, որ երկու հայկական խմբային պարերով ելոյթ ունեցաւ:
Ապա հիւրերը դիտեցին տեսաերիզ մը` պատրաստուած գաղութիս յայտնի բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի կողմէ: Անիկա Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մեսրոպեան վարժարանի տարիներու պատմականն ու արժեւորումը կը կատարէր:
Այնտեղ իրենց խօսքը կ՛արտայայտէին երկու վաստակաւոր տնօրէններ Մաքրուհի Խաչատուրեան եւ Պէպօ Սիմոնեան, որոնք անձնուիրաբար ծառայած էին սոյն դպրոցին:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Սեւան Կէօքկէօզեան հայկական մենապարով մը Սայաթ Նովայէն. ան իր գեղեցիկ, նուրբ ու հեզաճկուն պարով գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը եւ բոլորին գնահատանքին ու ծափողջոյններուն արժանացաւ:
Անկէ ետք վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան իր խօսքը փոխանցեց հրաւիրեալներուն: Ան ըսաւ, թէ հաւաքուած ենք տօնելու կաղնիի մը 75-ամեայ յոբելենականը, որուն արմատները հասած են մեզի մեր նախնիներու հաւատամքէն, հոգեմտաւոր զգացումներէն ու դաստիարակութենէն:
Հայը հին ժամանակներէն ֆիզիքական առօրեայ գոյութեան կողքին փորձեր է ստեղծել հոգեմտաւոր մշակոյթ, բանահիւսութիւն: 404 թուականին ունենալով իր սեփական տառերը, կրցաւ իր գոյութիւնը երաշխաւորել:
1915 թ. մեր նախնիները անապատի աւազներու վրայ, կը ջանային իրենց զաւակներուն սորվեցնել այբուբենը` տալով գաղտնիքը հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու:
Հաստատուելով օտար ափեր, անոնք կառուցեցին դպրոցներ ու եկեղեցիներ, որպէսզի հայը հայ մնար:
Մեր շատ սիրելի Սարգիս Թորոսեանը այդ նուիրական խումբին բանակին կը պատկանի: Ան նուիրական հոգիով, մեծ ծառայութիւններ մատուցած են Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ անոր կից Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մեսրոպեան վարժարանին:
Թորոսեան եղբայրները իբրեւ բարերարներ պատրաստ էին սատար հանդիսանալու մեր վարժարանին, յայտնեց ան:
Թող Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակի նշումը մեկնակէտը ըլլայ դէպի` նոր յոբելենական թուականներու յիշատակութեան, նշեց տնօրէնը: Ան իր խօսքը փակելէ առաջ կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ճիգն ու աշխատանքը չէին խնայած սոյն հանդիսութեան յաջողութեան համար:
Դարձեալ «Նազանի» մենապարով Սեւան Կէօքկէօզեան բեմ հրաւիրուեցաւ:
Հանդիսաւոր բաժինէն ետք Մանուկ Մինասեան իր նուագախումբի ընկերակցութեամբ ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեց, զուտ հայկական երգերով:
Աւարտին խօսք առաւ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ արժեւորեց հայ դպրոցը, կարեւորեց անոր հաստատուն եւ կանգուն մնալը: Հայկական թաղերը հայ պահողը հայ դպրոցն ու եկեղեցին եղած էր, ըսաւ ան:
Երբ 70-80 տարիներ առաջ կրցեր են կառուցել, մինչեւ այսօր պահպանել շատ մեծ դժուարութիւններով, մենք կը հաւատանք, որ մեր դպրոցները, ինչպէս նաեւ Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մեսրոպեան վարժարանը, չգոյատեւելու ոչ մէկ հարց ունի:
Մեր բոլորին նպատակը պէտք է ըլլայ ամէն ջանք թափել, նուիրուիլ, զոհուիլ, տալ, բարոյական ու նիւթական նեցուկ կանգնիլ, որ հայ դպրոցը գոյատեւէ:
Հոն է, որ մեր նոր սերունդը կը պատրաստուի, անոր հայկական հոգին կը մշակուի եւ կը դառնայ իսկական հայ:
«Ազգի մը գոյութիւնը երաշխաւորուած է սերունդներու շարունակութեամբ: Իւրաքանչիւր սերունդ կոչուած է իր ազգային աւանդութիւնները եւ ժառանգութիւնը շարունակելու` զայն պահպանելու ու հարստացնելու: Սերունդները իրենց դերակատարութեան վրայ անշեղ պահողը ազգային դաստիարակութիւնն է, հայեցի դաստիարակութիւնը»:
Եթէ այսօր Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մեսրոպեանը 75 տարիներու պատմութիւն ունի, որովհետեւ անոր հոգատարները, նուիրեալները կը գիտակցէին, որ հայ դպրոցը անփոխարինելի անհրաժեշտութիւն է հայ ժողովուրդի գոյերթին համար:
Ան իր խօսքը աւարտեց յայտնելով, թէ ձեր լումաները եթէ կը նուիրէք հայ դպրոցին, իսկապէս բարեգործութիւն ըրած կ՛ըլլաք, իսկ խնայողները, բնաւ թող չարդարանան, թէ ճիշդ կ՛ընեն:
Ապա Գարմէն հանդէս եկաւ գաւառական երգերով: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, կատարուեցան նուիրատուութիւններ:

