«ՀԱՈՒԸՐՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Գարակէօզեանի պատասխանատուները Եռջբլուրի մէջ

Մայիս 28 – յունիս 5,  2011, «Հաուըրտ  Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ»ի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ  Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու,  վարչութեան նախագահ Մայքըլ Յարութիւնեանի, գործադիր տնօրէն Ուոլթըր Պանտազեանի եւ մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի ընդհանուր տնօրէն վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի, Լիբանանի փոխտնօրէն Սերոբ Օհանեանի, Լիբանանի  խորհրդատու  մարմինի  փոխատենապետ Ռաքայէլ Ումուտեանի, Սուրիոյ տնօրէն Պետրոս Տարագճեանի եւ  Հայաստանի տնօրէն Կամօ Տէր Պետրոսեանի, հայրենի հողին վրայ նշեցին  հիմնադրութեան  90-ամեակը «Գարակէօզեան» հաստատութեան: Հաստատութեան մը, որ իննսուն տարիներ առաջ ծնունդ առնելով մարդկային ահեղագոյն ողբերգութենէն` այսօր դարձաւ խարիսխը կեանքի եւ ծաղկումի շարունակութեան:

«Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ»ը հիմնուած է 1921 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ, Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններու կողմէ` յաւերժացնելու իրենց 14-ամեայ վաղամեռիկ որդւոյն` Հաուըրտի յիշատակը, հայ որբ եւ կարիքաւոր մանուկներու խնամք, բուժում եւ կրթութիւն մատակարարելու նուիրական առաքելութեամբ: Հաստատութեան գործունէութեան առաջին շրջանը սկսած է Պոլսոյ մէջ, այնուհետեւ իր սաներով տեղափոխուած է Փարիզ: 1939 թուականէն սկսեալ իր գործունէութիւնը ծաւալած է` հասնելով Սուրիա եւ Լիբանան: Հայաստանի անկախացումէն ետք հաստատութիւնը սկսած է լայնածաւալ գործունէութիւն իրականացնել նաեւ հայրենիքի ու Ղարաբաղի մէջ:

Պատուիրակութիւնը, նախքան իր 90-ամեակի ոգեկոչումի սկսիլը, առաջին հերթին մայիս 29-ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` խոնարհելու եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր 1.5 միլիոն զոհուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած Եղեռնի յուշակոթողին առջեւ, որմէ ետք այցելեց Եռաբլուրի բարձունքը եւ ծաղկեպսակ զետեղեց այնտեղ, ուր թարմ եւ խոնարհ հողաթումբերու տակ յաւերժօրէն կը ննջեն քաջարի հայորդիները` Հայկի, Արայի եւ Վարդանի թոռները:

Սփիւռքի նախարարին հետ

Մեր նահատակներու յարգանքի տուրքը մատուցելէ ետք, մայիս 30-ին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի կառավարութեան բարեգործական ծրագիրներու համակարգման յանձնաժողովի նախագահ Ս. Տէր Սիմոնեանը:

Ողջունելով հիւրերը եւ շնորհաւորելով հաստատութեան 90-ամեայ ազգանուէր գործունէութիւնը` Հ. Յակոբեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց անսահման նուիրումին` մանկական առողջապահական ծառայութիւններուն անշահախնդիր կազմակերպման  համար:

Մայիս 31-ին տեղի ունեցաւ «Գարակէօզեան» թանգարանի բացումը, Երեւանի Նորք-Մարաշի «Գարակէօզեան» կեդրոնին մԷջ, ուր զետեղուած էին Գարակէօզեան գերդաստանի ընտանեկան ծառը, հաստատութեան պատմական նկարները` հիմնադրութեան օրէն  մինչեւ օրս, տարբեր շրջաններէ ներս, ինչպէս նաեւ` արխիւները եւ գիրքերը:

Գարակէօզեան թանգարան

Լիբանանի կողմէ վեր. Ռ. Սարգիսեան թանգարանին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը,  ինչպէս նաեւ` իր կողմէ պատրաստուած գրքոյկ  մը, որուն մէջ ամենայն մանրամասնութեամբ  արձանագրուած էր «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնումը Հայաստանի մէջ, իր եւ Սուրիոյ մասնաճիւղի տնօրէն` տոքթ.  Պետրոս Տարագճեանի ջանքերով, 1991 թուին:

Նոյն օրը` մայիս 31-ին, գեղարուեստական կոկիկ յայտագրի մը ընթացքին սփիւռքի նախարարութիւնը 90-ամեակի առթիւ յատուկ շքանշան մը յանձնեց «Գարակէօզեան»ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Մայքըլ Յարութիւնեանի:

Յունիս 1-ին պատուիրակութիւնը այցելեց Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառին,  որ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը եւ բարձրօրէն գնահատեց հաստատութեան տարած անշահախնդիր ծառայութիւնները` ի սպաս հայ ազգի զաւակներուն:

Յունիս 2-ին տեղի ունեցաւ 90-ամեակի ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցաւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր տնօրէն վեր. Ռոպեր Սարգիսեանը` իր 42- ամեայ վաստակաշատ եւ անձնուէր ծառայութեան համար: Խօսք առին հաստատութեան պատասխանատու անդամներն ու տնօրէնները` խորապէս գնահատելով վերապատուելիին տարած աշխատանքները, պարգեւատրելով յատուկ յուշանուէրով մը եւ շքանշանով մը:

Պատուիրակութիւնը յունիս 3-ին այցելութիւններ տուաւ նաեւ Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնները:

Եւ վերջապէս, 90-ամեակը գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը կը համընկնի նաեւ Լիբանանի «Գարակէօզեան» հիմնարկի 70-ամեակին, որ արդէն իսկ Լիբանանի մէջ  սկսաւ նշուիլ տարբեր ձեռնարկներով, մայիս ամիսէն սկսեալ:

90-ամեակ կամ 70-ամեակ մարդկային ժամանակաչափումով առիթներ են, որպէսզի մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք նախ անոնց, որոնք նուիրեալ սրտով եւ հաւատարմօրէն գործեցին, ապա` գօտեպնդելու եւ զօրացնելու հետեւողական ինքնընծայումով գործող ներկայ նուիրեալները:

Վարձքը կատար` բոլոր անոնց, որոնք գործեցին ու անցան, եւ բարի երթ` բոլոր անոնց, որոնք կը գործեն:

 

Share this Article
CATEGORIES